ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 15ին սկսած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 16ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ բացուեցաւ Մուսայ լերան հերոսամարտի 95ամեակին նուիրուած նկարներու ցուցադրութիւնը, որուն յաջորդեց «Մուսայ լերան 40 օրը» շարժապատկերին ցուցադրութիւնը:
Նշենք, որ լուսանկարները ցուցադրուած էին Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ, իսկ հերոսամարտի 95ամեակը նշուած էր նաեւ Մուսայ լերան մէջ:
«Հանդիսութեանը մասնակցել ենք նաեւ մենք», նշեց «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի ատենապետ Աբրահամ Պալապանեան:
Մուսայ լերան հերոսամարտի 95ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբեր 19ը։ «Երէկ այցելեցինք Մուսայ լերան հերոսներից մէկի՝ Եսայի Եագուպեանի, գերեզմանին եւ պսակ դրեցինք, որից յետոյ Վագըֆ գիւղից ժամանած մեր հիւրերի հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ», նշեց Ա. Պալապանեան՝ աւելցնելով, որ Սեպտեմբեր 17ին կը նախատեսուին Մուսայ լեռ գիւղի Ֆրանս Վերֆէլի անուան դպրոցի երեխաներուն պատրաստած ձեռնարկը, «Մուսայ լերան 40 օրը» թատրոնի բեմադրութիւնը եւ Ֆրանս Վերֆէլի երեկոն, իսկ հիմնական ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Սեպտեմբեր 18ին, Մուսայ լերան հերոսամարտի յուշարձանին մօտ: Կը նախատեսուի հարիսայի պատրաստութիւն, խարոյկ, թմբուկ, զուռնայ եւ երգ ու պար, իսկ յաջորդ օրը կիրակնօրեայ պատարագէն ետք տեղի պիտի ունենայ հարիսայի օրհնութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.