Ֆ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 19ին, կ.ե. ժամը 1ին, տեղի պիտի ունենայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատարագին մասին՝ «Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատարագը՝ կրօնական արարողութի՞ւն, թէ քաղաքական շահերի հետապնդում» նիւթով դասախօսութիւն-քննարկում մը:
Օրուան բանախօսն է հանրածանօթ հասարակական գործիչ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր ու քաղաքական հարցերու վերլուծաբան Յարութ Սասունեանը: Իր երկու յօդուածներուն մէջ՝ «Ինչո՞ւ Հայերը Երթան Աղթամար Եւ Թրքական Քարոզչութեան Գործիք Դառնան» եւ «Շահագործումը Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ», Յարութ Սասունեանը խիստ կարեւոր կը նկատէ ամբողջ հայութեան միացումն ու Սեպտեմբեր 19ի այցի մերժումը, Աղթամարի կղզիին մէջ տեղի ունեցող արարողութեան ներկայ պայմաններուն տակ: Ան կը պնդէ, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին պէ՛տք է միանգամայն փոխադրել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հսկողութեան տակ, զայն դուրս բերել «թանգարան» կոչուելու կացութենէն՝ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ մշտական խաչի զետեղումով, նաեւ եկեղեցին օգտագործել յաջորդաբար պատարագներու մատուցման համար:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ: Հրաւիրուած է հասարակութիւնը ներկայ գտնուելու այս շահեկան ձեռնարկին: Վայրն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA, 91214: Մուտքը ազատ է: