ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, Ուաշինկթընի մէջ մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեանց միջեւ բանակցութեանց նորագոյն հանգրուանին, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ: Բանակցութիւնները այս շաբաթ շարունակուեցան նախ Եգիպտոսի եւ ապա՝ Երուսաղէմի մէջ, առանց յատկանշական արդիւնք մը ծանուցելու:
Միւս կողմէ, բանակցութիւններու սեղանէն միայն մէկ ժամ հեռու գտնուող գրաւեալ Կազայի մէջ, բանակցութեանց ընդդիմացող պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան զինեալներուն եւ Իսրայէլի զինուորական ուժերուն միջեւ հրթիռարձակումները եւ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու կողմէ ռմբակոծումները Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին շարունակուեցան. անոնց հետեւանքով պաղեստինցի մը եւս սպաննուեցաւ՝ դարձեալ լուսարձակի տակ դնելով այն իրողութիւնը, որ նոյնիսկ եթէ Ուաշինկթընի, Շարմ Էլ Շէյխի ու Երուսաղէմի միջեւ սկսած բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի մը առաջնորդեն, անոր գործադրութիւնը ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ապահովել ինքնավար, սակայն բանտարկուած վիճակի տակ իր գոյութիւնը շարունակող Կազային մէջ:
Ինչպէս Իսրայէլի մէջ վերջերս կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, աշխարհի տարածքին տնտեսական վերելք ապրող հազուագիւտ երկիրներէն մէկը հանդիսացող Իսրայէլի ժողովուրդին համար խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքները ոչ միայն առաջնահերթութիւն մը չեն, այլ կարեւորագոյն հարցերու ցանկին մէջ կը գրաւեն հինգերորդ կամ վեցերորդ դիրքը:
Այսինքն, Իսրայէլի իշխանութիւնները յաջողած են առնուազն իրենց ժողովուրդին համոզել, թէ պաղեստինեան եւ արաբական հողերու բռնագրաւումը վերածուած է անլուծելի հարցի մը, որուն կապակցութեամբ խորհրդակցութիւններն իսկ ժամանակի կորուստ են, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենք կը շարունակեն Պաղեստինեան իշխանութեանց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ու նոյնինքն իրենց ժամանակը վատնել՝ «խորքային հարցերու շուրջ լուրջ բանակցութիւններով»: