ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 11ին, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» եւ «Կարօտ» փառատօներու ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած Մոսկուայի հայկական թատրոնի ղեկավար Սլաւա Ստեփանեանը, թատրոնի դերասաններ Զիտա Բադալեանը եւ Կազբեկ Կիբիզովը:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարարը նշած է, որ «Ոտքի, դատարանն է գալիս» եւ «Լոյս Մարի, Օ, ի՜նչ ուրախութիւն» ներկայացումները հայ հանդիսատեսին կողմէ ընդունուած են մեծ ոգեւորութեամբ:
Գնահատելով Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստելու ձեռքբերումները եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայ-ռուսական բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ անոր ներդրած մեծ աւանդը՝ տիկին Յակոբեան դերասանուհի Զիտա Բադալեանը պարգեւատրած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» շքանշանով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.