Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած երեք հատորներու հեղինակ դոկտ. Ռիթա Գույումճեան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17ին, ժամը 8էն սկսեալ, պիտի դասախօսէ իր հատորներուն մասին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard Street): Դասախօսութիւնը պիտի կեդրոնանայ Կոմիտասի, Թէոթիկի եւ Արամ Անտոնեանի կեանքերուն վրայ:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 19ին, կ.ե. ժամը 4ին, ան պիտի դասախօսէ նաեւ Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills Road):
Մոնթրէալաբնակ դոկտ. Գույումճեան, Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 20ին պիտի դասախօսէ նաեւ Ֆրեզնոյի մէջ: Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.