ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18ին առաւօտեան ժամը 8:30էն սկսեալ մինչեւ կ.ե. ժամը 4:30, ՀՕՄի հարիւրամեայ մարդասիրական աշխատանքներուն նուիրուած գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն Լոս Անճելըս ժամանած մտաւորականներու եւ լրագրողներու:
Գիտաժողովին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Մեծ Լոս Անճելըսի Կարմիր Խաչի տնօրէն Փօլ Շուլց, որ կը գլլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Կարմիր Խաչի երկրորդ մեծագոյն մասնաճիւղը:
«Ապագային Հիմնարար Մասեր» անունով գիտաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ ՀՕՄի հարիւրամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս, հովանաւորուած է ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին կողմէ:
Գիտաժողովին ընթաքին ելոյթներ պիտի ունենան Անիթա Վոկըլի, Հուրի Սենտըրսըն, Խաչիկ Մուրատեան, Անի Մուղամեան, Ուիլեըմ Պայրամեան, Փօլ Նարկիզեան եւ Նայիրի Տէրտէրեան:
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Town and Gown» սրահին մէջ, (665 Exposition Blvd., Los Angeles): Մուտքը ազատ է, սակայն պէտք է նախապէս արձանագրուիլ: Նախաճաշ եւ ճաշ եւս պիտի հրամցուի:
Արձանագրուելու համար, այցելել www.arswestusa.org համացանցային կայքը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ARSsymposium@arswestusa.org հասցէին կամ (818) 500-1343 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.