ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, անցեալ շաբաթուան ընթացքին ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի տարբեր հատուածներուն վրայ արձանագրուած է հրադադարի խախտման 456 դէպք, որոնց ընթացքին հակառակորդը հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 10 հազար փամփուշտ:
Հակառակորդը աւելի աշխուժացած է յատկապէս Սեպտեմբեր 5ին եւ 6ին, երբ ղարաբաղեան դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց: Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը դադրեցուցած է կրակոցները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.