ԿԵՍԱՐԻԱ.- Վերջերս, Կեսարիոյ «Էրճիյէշ» Համալսարանը հիմնադրած էր հայերէն լեզուի ամպիոն մը, ուր արձանագրուելու համար դիմած էին չորս ուսանողներ, սակայն նորահաստատ ամպիոնը պէտք ունի հայերէն լեզուի դասախօսի մը, իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը մերժէ այդ նպատակին համար յատկացում կատարել։
Համալսարանի տեսուչի փոխանորդ փրոֆ. Մեթին Հիւլակիւ, գանգատելով ստեղծուած այս կացութեան դէմ՝ «Թարաֆ» թերթի թղթակիցին կ՛ըսէ. «Աջէն-ձախէն դասախօս մը ապահովելով կը ջանան յաղթահարել ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ յարուցուած դժուարութիւնը: Հայերէն լեզուի ամպիոն արձանագրուած ուսանողները բախտաւոր են, որովհետեւ անոնք ապագային շատ դիւրութեամբ գործ պիտի կարենան գտնել, բայց ինչ մեղք որ ներկայիս դասախօսի նեղութիւն կը կրեն։ Սա պահուն միայն մէկ դասախօս կայ, ուստի իրենք կը ջանան դասախօս մը բերել տալ Հայաստանէն, բայց ելեւմուտքի նախարարութիւնը կ՛առարկէ ըսելով. «Դուք ձեր միւս բաժիններուն մէջ բազմաթիւ օտար դասախօսներ ունիք ու ձեր ծրագիրը ամբողջացած է, նոր դասախօսի համար պիւտճէ չենք կրնար տրամադրել»»։
Հիւլակիւ կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած ծանուցումներուն ո՛չ մէկ դասախօս պատասխանած է ցարդ ու իրենք ստիպուած են դուրսէն դասախօս մը գտնել, ինչ որ սուղ կ՛արժէ։ «Ձախէն աջէն կը խնդրենք, որ մեզի դասախօս մը գտնեն, որովհետեւ ահաւասիկ մենք ամպիոնը բացինք, ուսանող ալ ունինք, բայց դասախօս չունինք։ Եթէ ելեւմուտքի նախարարութիւնը դեռ երկար վարանի, ապա մեր գտած դասախօսներն ալ պիտի հրաժարին», կ՛եզրակացնէ փրոֆ. Հիւլակիւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.