ՊՈԼԻՍ.- Օգոստոս 29ին, Վենետիկի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ Միջազգային ճարտարապետական 12րդ «պիենալ»ը, որուն Պոլիսէն կը մասնակցին նաեւ «Հայճար»էն (Հայկական ճարտարապետական ընկերութիւն) չորս ճարտարապետներ՝ Նազարէթ Պինաթլը, Սասնուհի Մուշլեան, Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Ժան Կաֆրիլօֆ, որոնք իրենց իրականացուցած շինութիւններուն նախագիծերով կը ներկայանան «Մարդիկ կը մէկտեղուին ճարտարապետութեամբ» ցուցահանդէսին։
Սոյն ցուցահանդէսի շրջագիծէն ներս, աշխարհի զանազան երկիրներէն Վենետիկ մեկնեցան 48 մասնակիցներ, որոնք բանախօսութիւններով, կլոր սեղաններով եւ աշխատանոցներով պիտի քննարկեն Վենետիկի ճարտարապետական մասնայատկութիւնները։
«Վենետիկի պիենալ»ը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 21։ Այս տարուայ համակարգողն է Քազույօ Սէյիմա, որ վերջերս իր գործընկերոջ՝ Ռիուէ Նիշազաւայի հետ, արժանացած էր «Փրիցեր» ճարտարապետական մրցանակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.