ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը օրերուն, իր ծայրայեղական մէկ որոշումին, կամ քարոզչական հոյակապ մէկ խաղին շնորհիւ լուսարձակներ գրաւած է Ֆլորիտայի Կէյնզվիլ քաղաքին մէջ գործող եւ հազիւ 50 անդամներ ունեցող փոքրիկ եկեղեցի մը, որուն պատուելին որոշած է յառաջիկայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11ին, իսլամներու սուրբ գիրքը հանդիսացող «Քորան»ի օրինակները հրկիզել՝ բաց խարոյկի մը վրայ:
Երկուշաբթի օր, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, քրիստոնեայ, հրեայ եւ իսլամ կրօնապետներ դատապարտեցին այս արարքը՝ կոչ ընելով եկեղեցիին, որ կասեցնէ այս անպատասխանատու եւ հրահրիչ քայլը, որ կու գայ այն միջոցին, երբ իսլամական կեդրոններու վրայ յարձակումներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները եւս դատապարտեցին այս որոշումը:
Յատկանշական է, որ դրական ոչ մէկ արդիւնք տալու հաւանականութիւնը ունեցող եւ միայն վնասներու եւ աւելի ծայրայեղ միջոցառումներու առջեւ դուռ բացող այս «խարոյկահանդէս»ը կը կազմակերպուի եկեղեցիի մը կողմէ, որուն անուան մէջ կայ խաղաղութեան խորհրդանիշ հանդիսացող «աղաւնի» գոյականը:
Պատուելին ցարդ անսասան կը մնայ եւ որոշած է գործադրել քրիստոնէական դաստիրակութեան հետ խոտոր համեմատող իր ծրագիրը, հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնիսկ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Տէյվիտ Փըթրէուս եւս կոչ ըրած է անոր, որ վերատեսութեան ենթարկէ Քորանը հրկիզելու արարողութիւնը:
Զօրավարը ազդարարած է, թէ նման քայլեր ոչ միայն չեն նպաստեր իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու փորձերուն, այլ պատճառ պիտի դառնան, որ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումները բազմանան, որովհետեւ այրող Քորաններուն պատկերը պիտի շահագործուի իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ, նոր յարձակումեր հրահրելու նպատակով:
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ պատուելին պիտի ուզէ՞ մեղսակից դառնալ անոնց, որոնց դէմ սրբազան պատերազմ հռչակած է, թէ պիտի հետեւի՝ «ըրէ այն, ինչ կ՛ուզես ընեն քեզի» խրատին: Վերջինը ընտրելու համար, ան նախ պէտք է գիտակցի, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ ծայրայեղականներուն միջեւ գրեթէ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ: