ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Տիկին Տիանա Հաճէթեան, իր ողբացեալ ամուսնոյն հետ ՀՕՄի Հարիւրամեակի Հիմնադրամին կատարած նուիրատուութիւնը բարձրացնելով, հասցուց 25 հազար տոլարի։ Ան նուիրատուութիւնը կատարեց ի յիշատակ Տիգրան Հաճէթեանի, որ անակնկալ կերպով մահացած էր Մարտ 2008ին, սուգի մատնելով իր ընտանիքի անդամները, բարեկամներն ու գանատահայ համայնքը։
Տիգրան Հաճէթեան ծնած էր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Ան 1963ին գաղթած Մոնթրէալ, Գանատա, ուր գործընկերոջ մը հետ հիմնած «Իւնիթուլ» (Unitool Inc.) հաստատութիւնը։
Տիանա Ստեփանեան-Հաճէթեան ծնած է Պուենոս Այրս, Արժանթին։ 1964ին Գանատայի մէջ կը հանդիպի Տիգրանին եւ 1965ին ամուսնանալով, Հաճէթեան ամոլը կ՛ունենայ երկու աղջիկ, Նաթալի եւ Ալին, որոնք այժմ ստանձնած են իրենց հօր հիմնած հաստատութեան ղեկավարութիւնը։ Իրենց կազմած հայ ընտանիքներով ու երեք զաւակներով, Նաթալին ու Ալինը կը շարունակեն նաեւ իրենց ծնողքին աւանդած բարեսիրական գործը։
Առեւտրական մարզէն ներս իր յաջողութեան կողքին, Տիգրան Հաճէթեանը եղած էր յանձնառու ազգային։ Տարիներ շարունակ ան անդամակցած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին։ Իսկ Տիանա Հաճէթեանը 1965էն ի վեր անդամ է ՀՕՄի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին, զբաղեցուցած է վարչական պաշտօններ եւ եղած ՀՕՄի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամ։
Իրենց բազմաթիւ նուիրատուութիւններով Հաճէթեանները նպաստած են աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող հայկական հիմնարկներու։
Այդ նուիրատուութիւններէն յատկանշական են Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին, Պիքֆայայի դպրեվանքին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ վարժարանին եւ Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին կատարուածները։ Այս բոլորի կողքին, 1996էն ի վեր Հաճէթեանները ստանձնած են Հայաստանի մէջ Նորավանքի Բուրթելաշէն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ համալիրի վերանորոգման ու բարեզարդման ծախսերը ինչպէս նաեւ 2002ին՝ վանատան կառուցումը, որուն սրահը վերջերս վերածուած է թանգարանի եւ որուն բացումը պիտի կատարուի տարեվերջէն առաջ։
Վանական այս համալիրը այսօր յատուկ տեղ կը գրաւէ Հաճէթեաններու սրտին մէջ ո՛չ միայն որովհետեւ պատմական կոթողի վերանորոգման առիթը ընծայուած է իրենց, այլ որովհետեւ Տիգրան Հաճէթեանը զայն ընտրած էր իբրեւ իր վերջին հանգստարանը եւ ուր ամփոփուած է իր դին։
Հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ իրենց բազմամեայ ծառայութեան համար, Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը Հաճէթեանները պարգեւատրած է «Ս. Գրիգոր Լուսաւորի»չ շքանշանով, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով։
ՀՕՄի կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Մարօ Ֆրունճեան այս նուիրատուութեան անդրադառնալով յայտնեց. «Հաճէթեաններու նման անձնաւորութիւններու եւ ընտանիքներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ է, որ ՀՕՄը ի վիճակի է իր բարեսիրական ու մարդասիրական ծառայութիւնը շարունակելու Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ։ Այդ ծառայութիւններու աճեցման ու շարունակման պիտի նպաստէ այս նուիրատուութիւնը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.