ԼՈՆՏՈՆ.- Անգլիոյ մէջ արդէն իսկ սկսած է լոյս տեսնելու «Ողջոյն Լոնտոն» ելեկտրոնային երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) երկշաբաթաթերթը՝ խմբագրութեամբ Ժանօ Իփճեանի։
Սեպտեմբեր 1ի առաջին թիւին մէջ, «Ողջոյն Լոնտոն»ը լուսանկարներով կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան տուած այցելութեան. այդ թիւով տրուած է նաեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 20ամեակին առթիւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը եւ լրատուական անդրադարձ՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան։
Թերթին առաջին թիւին խմբագրականը կը կրէ «Թրքական զուռնան եւ նուագը» խորագիրը։
Թերթի առաջին էջին վրայ հրապարակուած «Ողջո՛յն» խորագրեալ գրութեան մէջ հետեւեալ ձեւով կը ներկայացուի թերթին նպատակը. ««Ողջո՛յն Լոնտոն»ը կը յաւակնի լեցնել պակաս մը, որ, կը հաւատանք, թէ կայ այս համայնքին մէջ. համայնքային թերթի մը պակասը։ Կը յուսանք, որ կարենանք մեր իսկ յայտարարութիւնները իրականացնել եւ անոնց հաւատարիմ մնալ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.