Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ՝ Սեպտեմբեր 2ին, շնորհաւորական նամակ մը ղրկեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ուաշինկթընի ներկայացուցչութիւն՝ շնորհաւորելով Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 19րդ տարեդարձի տօնը:
Ուաշինկթընի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերթ Աւետիսեանին ուղղուած եւ ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի կողմէ ստորագրուած նամակը կը յայտնէ.
Յարգելի Պարոն Աւետիսեան,
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 19 ամեակին առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն իր շարքերուն եւ համակիր լայն զանգուածներուն անունով կը շնորհաւորէ Արցախի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը, եւ համայն հայութիւնը։
Արեան գնով ձեռք բերուած Արցախի անկախութիւնը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենափայլուն էջերէն է, եւ վստահաբար նախաքայլը՝ Ամբողջական Հայաստանի կերտումին։
Այս առիթով կը վերահաստատենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի պետականութեան ամրակայման, երկրի վերաշինութեան եւ սահմաններու պաշտպանութեան գործին, Արցախի ղեկավարութեան եւ քաջարի ժողովուրդին մաղթելով առաւել կորով եւ նորանոր յաղթանակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.