
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 46րդ Շրջանային Ժողովը գումարուեցաւ 19-22 Օգոստոս 2010ին, Մոնթեպելլոյի Հայ Կեդրոնին մէջ։
Ժողովը կատարեց անցնող երկամեակի կազմակերպական, քաղաքական ու ազգային գործունէութեան արժեւորումը եւ քննելէ ետք իր օրակարգի կէտերը, համապատասխան բանաձեւերով ու որոշումներով մշակեց գործունէութեան նոր ծրագիր։
Կազմակերպական ուժականութիւնն ու նպատակասլաց գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը ամրապնդելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած, Ժողովը ընդգծեց ժամանակի արագընթաց փոփոխութիւններուն համաքայլ վերանորոգուելու եւ արդիական նոր ընկալումներուն համահունչ գործելու առաջնահերթութիւնը։
Ժողովը հաստատեց, որ կազմակերպական ներքին հզօրացումը լաւագոյն երաշխիքն է ազգային-քաղաքական աւելի աշխուժ եւ արդիւնաւոր գործունէութեան ծաւալումին։
Սփիւռքահայութեան կարեւորագոյն օղակներէն մին հանդիսացող ամերիկահայութիւնը եւ մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի մէջ կեդրոնացած հայութիւնը հայրենիքի օժանդակութեան եւ համազգային մեր նպատակներու իրականացման համար անսահման հնարաւորութիւններ կ՛ընծայէ։ Բազմաշերտ մեր համայնքէն ներս Դաշնակցութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն կը համարէ ազգային միասնականութիւնն ու գործակցութիւնը նոր մակարդակի հասցնելու հրամայականը։ Համահայկական շահերու գիտակցութիւնը պէտք է գերիշխող ըլլայ ամէնուրէք։
Ամերիկահայութեան աճող քաղաքական ներուժը կ’ապահովէ մեր համայնքի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, հայրենիքի տնտեսական օժանդակութեան ապահովումն ու հայանպաստ քաղաքական տեսակէտի ձեւաւորումը։ Հայ Դատի Յանձնախումբի առաջնորդող ու լայնատարած գործունէութեան ծիրէն ներս հարկ է նոր թափ հաղորդել ամերիկահայութեան քաղաքական աշխատանքներուն, մեր համայնքին մօտ բարձրացնելով քաղաքացիական գիտակցութեանն ու քաղաքական գործընթացներուն մասնակցութեան համեմատութիւնը։
Երիտասարդութեան դիմագրաւած ընկերային, մշակութային ու կենցաղային մարտահրաւէրը իրենց համայնակուլ որոգայթներով կը ապառնան հայ երիտասարդը կտրել իր ազգային արմատներէն։ Անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել նոր սերունդի ազգային դաստիարակութեան գործին եւ երիտասարդութեան համար հայաշունչ ու առողջ միջավայրի ապահովումին։
Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը անցնող երկամեակին լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ համայն հայութիւնը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նկատմամբ Սփիւռքի եւ մասնաւորաբար ամերիկահայութեան դրսեւորած բողոքը ապացոյցն է այն փաստին, որ հայրենիքը ապրող, շնչող ու ոգեշնչող իրականութիւն է հեռաւոր այս ափերուն։
Հակառակ Թուրքիոյ կողմէ բացայայտ կերպով դրսեւորուող հակահայ քաղաքականութեան, հակառակ թրքական դիւանագիտութեան ի գործ դրած սադրանքներուն ու Հայաստանի անվտանգութիւնը հարուածող կոպիտ քայլերուն, ՀՀ նախագահը կը շարունակէ Հայաստանի ստորագրութիւնը պահել արձանագրութիւններուն տակ։ Կը մերժենք ՀՀ նախագահին կողմէ ձեւական բնոյթ կրող կիսաքայլերը։
Նոյնքան մտահոգիչ են, տնտեսական մենաշնորհներու եւ շահագործող վերնախաւի բիրտ ու անմարդկային վերաբերումին պատճառով առաջացած համատարած աղքատութիւնն ու ընկերային արդարութեան աղաղակող բացակայութիւնը, ժողովրդավարական արժէքներու կոպիտ խախտումներն ու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները, շարունակուող արտագաղթն ու պետական կառոյցները կլանած փտախտը կը սպառնան Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան ամրապնդումին։
Ժողովը խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին։ ԼՂՀի ազատագրուած հողատարածքէն որեւէ զիջում լրջօրէն կը վտանգէ արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Արցախի հարցի կարգաւորման համար իբրեւ հիմնարար սկզբունք հարկ է ամրագրել հայկական հողատարածքներու ազատագրութեան, վերաբնակեցման եւ ժողովուրդի անվտանգութեան առաջնահերթունը։
Նոյնքան մտահոգիչ կը գտնենք Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կարիքներուն նկատմամբ դրսեւորած անբաւարար քայլերը, որոնք քաջալերող ազդակ կը հանդիսանան վրացական իշխանութիւններուն համար շրջանը հայաթափելու եւ մեր ազգային-եկեղեցական ու պատմամշակութային կառոյցներն ու կոթողները բռնագրաւելու եւ ոչնչացնելու քաղաքականութեան։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին՝ Շրջանային Ժողովը յառաջիկայ հնգամեակը կը յայտարարէ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու եւ արդարութեան վերականգնումի ու հայրենադարձութեան վճռական հանգրուան։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանչման պայքարը հարկ է որ մնայուն կերպով զուգորդուի բռնագրաւուած մեր հայրենի հողատարծքներու ազատագրութեան եւ հատուցման պահանջով։ Այդ պայքարի խրամատին մէջ պէտք է համախմբել բովանդակ հայութիւնը։
Շրջանային Ժողովը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ ՀՅԴ Ծրագրային առաջադրանքներուն հաւատարիմ մեր հայրենիքին, հայութեան ազատագրութեան դատին ու գերագոյն շահերուն ծառայելու վճռակամութիւնը։
Օգոստոս 22, 2010
Մոնթեպելլօ