
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 24ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որոշած է փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին յանձնել կազմակերպութեան Ամբողջ կեանքի մը իրագործումներու մրցանակը (Lifetime Achievment Award):
Այս մրցանակը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին բարձրագոյն մրցանակներէն մէկն է, երկարամեայ դասախօսին ու մտաւորականին կը յանձնուի՝ հայոց պատմութիւն, մշակոյթ ու հայութեան ներկայ իրավիճակին մասին անոր դասաւանդումներուն, ուսումնասիրութեանց, գրութիւններուն եւ աշխարհի տարածքին անոր տուած դասախօսութիւններուն համար:
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող Հայ Կրթական հիմնադրամի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչն է: Ան ծնած ու մեծացած է Քալիֆորնիոյ Թուլեր քաղաքին մէջ ու պատմութեան մէջ իր պսակաւոր արուեստից ու մագիստրոս վկայականները ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն, իսկ պատմութեան մէջ դոկտորի կոչում ստացած է UCLAէն:
Ան 1962էն ի վեր մաս կը կազմէ UCLAի դասախօսական կազմին, ուր հայոց պատմութլան դասընթացքներ իրականացուցած է ու մեծ թիւով ուսանողներ առաջնորդած է մասնագիտանալու այդ ճիւղին մէջ:
1978էն 1995ի միջեւ ան նաեւ եղած է համալսարանին Մերձաւոր Արեւելքի ուսմանց կեդրոնի օգնական վարիչը ու դասաւանդած է նաեւ շարք մը այլ համալսարաններու մէջ, միաժամանակ ստանալով շարք մը մրցանակներ:
1970ականներրէն ի վեր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յատուկ ուշադրութեան առարկկայ դարձուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ զայն ուրանալու փորձերը եւ այդ մասին դասախօսութիւններ տուած է 35 երկիրներու աւելի քան 150 համալսարաններու մէջ:
Ան եղած է նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի կրթական մարմնի խորհրդական, հեղինակելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասընթացք մը եւ խորհրդակցական սպասարկութիւն տրամադրած է «Facing History and Ourselves» կազմակերպութեան:
Ան 1982ին ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի շնորհած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, իսկ 2001ին՝ Ամենային Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անոր շնորհած է «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» շքանշանը: Նոյն տարին, ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստացած է «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը:
1990ին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան հանդիսացաւ Սփիւռք ծնած եւ ընկերային գիտութեանց մարզէն առաջին գիտնականը, որ կ՛անդամակցի Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիային: Ան շքանշաններ ստացած է նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններէն եւ պատուոյ դոկտորայի վկայականներ՝ Երեւանի ու Արցախի պետական համալսարաններէն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-1918 թիւին: