
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռուսիա պատրաստ է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական առաքելութիւնը, աջակցիլ փոխադարձ պայամնաւորուածութիւններու հիման վրայ քաղաքական լուծում գտնելու գործընթացին՝ ինչպէս Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու երկկողմանի հանդիպումներով», յայտարարեց պետական այցով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Ուրբաթ, Օգոստոս 20ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին յաջորդած համատեղ ասուլիսին ընթացքին:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ քայլերու կրնայ դիմել Ռուսիա, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ ռազմական գործողութիւններ կատարուին, հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ռազմական հռետորութիւնն ու Յունիսին տեղի ունեցած ոտնձգութիւնը, Մետվետեւ ընդգծեց, որ Ռուսիա «շատ լուրջ» կը վերաբերի իր դաշնակցային պարտաւորութիւններուն:
«Թէ տնտեսական իմաստով, թէ պաշտպանական, ապահովութեան երաշխաւորման հնաւորութիւններու տեսանկիւնէն, տարածաշրջանին մէջ ամենահզօր պետութեան՝ Ռուսիոյ դերը կը կայանայ իրաւակարգի եւ խաղաղութեան պահպանումին մէջ: Մենք ունինք դաշնակցային պարտաւորութիւններ ՀԱՊԿ անդամներու նկատմամբ: ՀԱՊԿ մասնակից-պետութիւն է Հայաստանը, իսկ մնացածը հիմնուած է մեր պայմանագիրին վրայ: Հոն բոլոր անդամներուն պարտաւորութիւնները թուարկուած են», ընդգծեց ան, անուղղակիօրէն շեշտելով, թէ Հայաստան առանձին պիտի չմնայ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումի մը պարագային:
Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ տարիներ շարունակ հայկական կողմը Մինսկի խումբի ձեւաչափը ամենաընդունելին կը համարէ: Բոլորին յայտնի է հայկական կողմի դիրքորոշումը, թէ միայն Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ կարելի է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու:
«Մեր տարածաշրջանում «ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ» իրավիճակ է: Վատ է, որ «ոչ խաղաղութիւն» է, բայց լաւ է, որ «ոչ պատերազմ» է: Դրանում մեծ է Մինսկի խմբի դերը», նկատեց նախագահը:
Ըստ Սարգսեանի, Նախագահական նստավայրին մէջ, Ուրբաթ օր կայացած Սարգսեան-Մետվետեւ հանդիպումը կայացած է փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ ու ծաւալած է բովանդակային երկխօսութիւն եւ հանդիպումին ու պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններուն: Անոր յաջորդած ասուլիսին ընթացքին, ան ընդգծած է, որ բանակցութիւններուն օրակարգը շատ յագեցած ու խիտ էր: Երկու կողմերը շեշտած են հայ-ռուսական համագործակցութեան խորացման կարեւորութիւնը:
«Այդ տրամադրուածութիւնը համապատասխանում է մեր պետութիւնների ռազմավարական հետաքրքրութիւններին, բխում է տարածաշրջանային մակարդակում անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման հարցից: Մեր յարաբերութիւններն իրականում ռազմավարական եւ դաշնակցային են: Դրանք արտացոլում են մեր ժողովուրդների զգացմունքները եւ Հայաստանի ու, յոյս ունեմ նաեւ, Ռուսաստանի ազգային եւ պետական շահերը», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:
Ուրբաթ օր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անատոլի Սերդիւկովը նաեւ ստորագրեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1995ի Մարտի 16ի՝ Հայաստանի եւ Ռուսիա միջեւ կնքուած Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի պայմանագրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին արձանագրութիւնը: Սարգսեանի խօսքերով, այդ արձանագրութիւնը ոչ միայն պիտի երկարաձգէ ռուսական ռազմակայաններու ներկայութիւնը, այլ նաեւ կը վերաբերի անոնց աշխարհագրական եւ ռազմավարական պատասխանատուութեանց յստակացման: Նախապէս ռազմակայաններուն գործառոյթները կը սահմանափակուէին նախկին Խորհրդային Միութեան ներքին սահմաններով, իսկ այժմ այդ սահմանափակումը վերցուած է: Ռուսական կողմը ստանձնած է պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ռազմական անվտանգութեան եւ զինուած ուժերու հետ համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ, ժամանակակից սպառազինութիւններու ապահովման:
Հայաստանի նախագահը նշեց, որ հակառակ համաշխարհային տն-տեսական ճգնաժամին, երկկողմանի յարաբերութիւնները կը զարգանան նաեւ առեւտրատնտեսական հարթութեան վրայ: Նախորդ տարուան ցուցանիշներուն համեմատութեամբ, այս տարուան առաջին կիսամեակի տուեալներով առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը աճած է 20 տոկոսով:
Ռուսիա Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ամենամեծ օտար ներդրողն է: Արտասահմանեան ներդրումներուն աւելի քան 60 տոկոսը Հայաստանի մէջ կը կատարէ Ռուսիա: Ակնկալուող ներդրումներու փաթեթը եւս տպաւորիչ է:
Մետվւետեւ եւս դրուատեց յարաբերութիւններուն սերտ մակարդակը եւ շեշտեց, թէ անոնց շնորհիւ ստեղծուած մթնոլորտը բոլոր հարցերու լուծման հնարաւորութիւն կ՛ընձեռնէ:
Ան ընդգծեց, որ համաձայնուած է ամրապնդել հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ՝ անվտանգութեան, ուժանիւթի, տնտեսութեան, ռազմական ճարտարարուեստի եւ մարդասիրական համագործակցութեան եւ այդ նպատակով եւս շարք մը համաձայնագրեր ստորագրուեցան:
Մետվետեւ նաեւ երախտագիտութիւն յայտեց Հայաստանի, Ռուսիոյ մէջ հրդեհները զսպելու աշխատանքներուն մէջ Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Նաեւ, հանդիպման ընթացքին, հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Իգոր Լեւիտին, երկու երկրներ նախագահներուն ներկայացուցած են յանձնաժողովի նախորդ նիստէն ի վեր կատարուած աշխատանքները եւ նախանշուած ծրագիրները:
Յայտնենք, թէ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ, Հինգշաբթի գիշեր նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր կնոջ՝ Ռիտայի անունով, ի պատիւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ անոր կնոջ՝ Սվետլանայի, տրուած է պետական ընթրիք: