ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Օգոստոս 21ին պիտի մեկնի Լիբանան, մասնակցելու Այնճար գիւղի հիմնադրման 70 եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Այցի ընթացքին կը նախատեսուի Յակոբեանի հանդիպումները Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Լիբանանի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Յակոբեան նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական ու հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, հայապահպանութեան գործին մէջ առանձնայատուկ ծառայութիւններու, կրթական բնագաւառներու զարգացման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի միջհամայնքային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար՝ շարք մը այնճարցիներու պիտի յանձնէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներ:
Լիբանանէն Հ. Յակոբեան միօրեայ այցով պիտի մեկնի Հալէպ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.