ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 16ին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելութիւն մը տուաւ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոց, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ։
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները։ Երեսփոխան Բագրատունի բարձր գնահատեց Հանրապետութեան նախագահին արտայայտած վերջին կեցուածքները՝ բանակի զինման անհրաժեշտութեան մասին։ Քննարկուեցան նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի յաջորդ նիստին սեմին Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.