ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ վերի երկու բառերուն իմաստները յստակօրէն կը տարբերին իրարմէ եւ յաճախ ուղղակիօրէն կը հակադրուին իրարու, տակաւին կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն զանոնք հոմանիշներ դարձնել, արդարացնելու համար իրենց շահերը պաշտպանելու նպատակով տարուած աշխատանքը իբրեւ «լուր» ծախելու իրենց ջանքերը:
Այս ճարպիկներէն մէկն է լրատուական աշխարհի մենատէրներէն Ռուփըրթ Մըրտաքը, որու «Նիւզ Քորփ» ընկերութեան կը պատկանին «Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայաններու ցանցը, «Նիւ Փորք Թայմզ»ը, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը եւ բազմաթիւ այլ համացանցային կայքեր, պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայաններ ու թերթեր:
Իր լրատուական այս կայսրութիւնը ընդարձակելու նպատկով է, որ Մըրտաք անցեալ Յունիսին մէկ միլիոն տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կատարած է Հանրապետական կուսակցութեան կառավարիչներու միութեան: Այս «իշխանական» նուէրին մասին լուրը բացայայտուեցաւ Չորեքշաբթի օր, անգամ մը եւս կասկածի տակ առնելով Մըրտաքի այն պնդումները, թէ ինք ոչ մէկ կուսակցութեան նեցուկ կը կանգնի:
Մինչ այլ լրատուական ընկերուիթիւթններ սովորաբար նուիրատուութիւններ կը կատարեն թէ՛ Հանրապետական եւ թէ Դեմոկրատ կուսակցութիւններու թեկնածուներուն, Մըրտաք ոչ մէկ սենթ նուիրած է Դեմոկրատ կուսակցութեան կառավարիչներու միութեան, յստակ դարձնելով, թէ գոհ չէ իր մենատիրական ախորժակները զսպելու նպատակով ներկայիս իշխանութեան գլուխ գտնուող դեմոկրատներու քայլերէն, որքան ալ անոնք լուսանցքային ըլլան:
Այս քայլը վնաս կը հասցնէ ոչ միային նուիրատուին, այլ նաեւ այս նուէրը ստացող կողմին վարկին, որովհետեւ բացայայտ իրողութիւն է, որ Մըրտաքի նման ճարպիկ գործարար մը առանց ակնկալիքներու նման յատկացում մը չի կատարեր: