ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ առաջին հանդիպումը կ՛ակնկալուի Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս:
Ըստ Ատրպէյճանի «Զերքալօ» լրատու գործակալութեան, ցարդ Ուաշինկթըն բարձրագոյն մակարդակով կ՛արհամարէր պաշտօնական Պաքուն: Նախորդ տարի, Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը չէր հրաւիրուած «իֆթար»ին (Ռամատանին ամսուան մէջ կայացող աւանդական ընթրիքին), որ աւանադաբար կը կազմակերպէ Ամերիկայի նախագահը, իսլամ պետութիւններու դիւանագէտներու համար: Այս քայլը փորձագէտներու կողմէ գնահատուած էր իբրեւ դիւանագիտական ապտակ Ուաշինկթընի կողմէ: Ատրպէյճանի նկատմամբ Ուաշինկթընի վարած քաղաքականութիւնը կարելի է գնահատել իբրեւ «լուռ արհամարանք»: Ըստ գործակալութեան, Ուաշինկթըն ոչ մէկ առիթով Ատրպէյճանի ի նպաստ յայտարարութիւն կատարած է, այլ բաւարարուած է շեշտելով, թէ Ուաշինկթըն բարձր կը գնահատէ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը, յատկապէս միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Սակայն Ատրպէյճան, իբրեւ պատասխան, Ամերիկայի նկատմամբ կիրառեց «յարձակողական մարտավարութիւն»: Տարբեր մակարդակի ատրպէյճանցի պաշտօնեաններ սկսան մեղադրել Ամերիկայի անշնորհակալութիւնն ու Հայաստանը հովանաւորելու քաղաքականութիւնը: Յանկարծ բոլորը նկատեցին, որ վերջին քանի մը տարիներուն Ամերիկա Արցախի հարցով հայամէտ դիրքորոշում ունի: Ատրպէյճան սկսաւ սպառնալ Արեւմուտքին, թէ կրնայ իր բոլոր կազը վաճառել Ռուսիոյ կամ Իրանին եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի շարք մը անդամներ նոյնիսկ սկսան կոչ ընել Ամերիկայի նկատմամբ պատժամիջոցներ որդեգրելու: Այս իրողութիւնը հաւանաբար զուարճացուցած էր Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարութեան աշխատակիցները», կը գրէ «Զերքալօ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.