ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆ
Ա. ՄԱՍ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ (ՀՕՄ) հայ կանացի մեծագոյն կազմակերպութիւնը, 90 տարիներու ընթացքին, մեծ եւ փոքր բազմաթիւ ծառայութիւններ մատուցանելէ ետք, ինքնավստահութեամբ եւ հաւատքով թեւակոխեց 21րդ դար:
ՀՕՄի գործունէութեան տեսակին մասին գաղափար մը տալու համար եւ թափանցիկ ըլլալու նպատակով, ցոյց տանք անոր մէկ տարուան՝ 2000ին նիւթական ամբողջական ներդրումը, առանց հաշուի առնելու 200է աւելի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու միլիոնաւոր ժամերու կամաւոր աշխատանքը:
2000 Տարուան ՀՕՄի Յատկացումներու Պատկերը
1. Դաստիարակչական մարզէն ներս.- $552,242.00
2. Առողջապահական մարզէն ներս.- $120,457.00
3. Ընկերային Ծառայութիւններու.- $1,888,300.00
4. Երիտասարդական ու Պատանեկան Ծրագիրներուն.- $146,850.00
5. Տարեցներու Կարիքներուն.- $528,800.00
6. Որբերու Խնամակալութեան.- $378,900.00
Ընդհանուր Գումար՝
$3,615,900.00
(«Հայրենիք» Փետր. 10, 2001)
* * *
ՀՕՄի 10րդ Տասնամեակի, մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները եւ իրագործումները՝ ամփոփ.
1.- Որբերու Խնամակալութիւն.- Այս ծրագիրը սկսած է 1992ին, Հայաստանի երկրաշարժին եւ Արցախի պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Որբերը կը հովանաւորուին մինչեւ իրենց 18 տարիքը հասնիլը: Խնամակալները՝ իւրաքանչիւր որբի համար տարեկան վճարեցին հետեւեալ ձեւով.-
* 1992 1997.- 120 տոլար
* 1998 2008.- 130 տոլար
* 2008 2010.- 200 տոլար
1992էն մինչեւ 1 Սեպտեմբեր 2008ին, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՕՄի միջոցաւ հովանաւորուած են 7227 որբեր:
Այս ծրագրին գրեթէ բոլոր ՀՕՄի միաւորները կը մասնակցին՝ երբեմն ալ ոչ-ՀՕՄականներ:
2.- Որբերու Ուսման Ծրագիր.- Այս ծրագիրը սկսաւ 2005ին: ՀՕՄի Որբախնամ ծրագրէն օգտուած, ապա համալսարան յաճախող ուսանողներուն, տարեկան 320 տոլար կրթանպաստ կը տրուի մինչեւ իրենց ուսման աւարտը (առաւելագոյնը 5 տարի):
2005էն մինչեւ 2008, այս ֆոնտին համար հաւաքուած է 210,265 տոլար, որուն 150,000ը՝ Ճիզմէճեան ամոլին նուիրած գումարն է, 20,000ը՝ ՀՕՄի Անգլիոյ Մեկուսի մասնաճիւղին՝ այս նպատակին համար հանգանակած գումարը, իսկ մնացեալը՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Կիպրոսի մէջ գտնուող միաւորներէն:
3.- Մանկատուներու Միօրեայ Ճաշ.- 1994ին, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին 51 մանկատուներ, ուր ապաստան գտած էին շուրջ 10,000 որբ, անտէր, բժշկական հարցեր կամ ընտանեկան, ընկերային խնդիրներ ունեցող երեխաներ:
«ՀՕՄի Օր» կոչուող այս ծրագիրը մինչեւ 2008, հինգ մանկատուներու՝ միօրեայ կամ աւելի ճաշի ծախսերը կը հոգար, հովանաւորութեամբ Գանատայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններուն: Ներկայիս, այս ծրագիրը փոփոխութեան ընթացքի մէջ է:
4.- Հայաստանի Մանկատուներու Շրջանաւարտներու Խնամակալութիւն.- 2006էն սկսեալ, ՀՕՄի Հայաստանի շրջանը, մանկատուներէն շրջանաւարտ եղած աւելի քան 300 պատանիներու օժանդակեց՝ անոնց առողջապահական, ընկերային, հոգեբանական, իրաւական եւ բնակարանային հարցերը լուծելու, կրթութիւնը շարունակելու կամ որեւէ մասնագիտութիւն ձեռք ձգելու համար:
5.- ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» Առողջապահական Կեդրոն եւ Ծննդատուն.- 1997ին հիմնուած Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» Առողջապահական կեդրոնը ունի 3 մանկաբուժական եւ 2 կնոջական բուժման բաժիններ, տարրալուծարան, ձայնազննութեան (ultra-sound) եւ ստինքազննումի (mammogram) սարքաւորում, CT Scan եւ MRI, նաեւ շտապ օգնութեան ծառայութիւն եւ դեղատուն:
Ապրիլ 26, 2005ին, Առողջապահական կեդրոնին կից, պաշտօնապէս կը բացուի Ծննդատունը: Նորակառոյց Ծննդատան մէջ, առաջին մանկիկը (արու), կը ծնի 24 Ապրիլ 2005ին եւ ծնողքը նորածինին անունը կը դնէ Վրէժ: 2005 Ապրիլէն մինչեւ Յուլիս 2008, լոյս աշխարհ կու գան 3610 մանուկներ, նոր վրէժներ, նոր վրէժուհիներ:
ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» Առողջապահական կեդրոնը, 2002էն մինչեւ 2008, 123,263 անձերու առողջապահական ծառայութիւն մատուցած է, առաւել՝ 3 ամսականէն մինչեւ նորածիններու զանազան պատուաստումներ կատարած է:
«Լինսի» հիմնարկը, 2005-2008 տարիներուն, 275,000 տոլար նուիրեց Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» կեդրոնին, որուն համար ՀՕՄը խորապէս երախտապարտ է: Անշուշտ, ՀՕՄի միաւորները եւ ուրիշ հայ եւ օտար բարերարներ կ՛օգնեն այս կեդրոնին, սակայն անոր մատուցած ծառայութիւններուն պահանջքը այնքան շա՜տ է, որ իւրաքանչիւրիս դրամական օգնութեան կը կարօտի: Յիշենք, «Երանի՜ ողորմածներուն, վասնզի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Աւետարան ըստ Մաթէոսի 5:7ը):
6.- ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզներ.- Անվախ հերոսուհի Սօսէ Մայրիկի անունով. ՀՕՄի այս ծրագիրը Արցախի մէջ սկսած է 1998ին, զոհուած ազատամարտիկներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու 3-6 տարեկան մանուկներուն համար:
2008ին, Արցախի 12 քաղաքաներու մէջ, ՀՕՄի 12 «Սօսէ» մանկապարտէզները հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէին.-
1. Ստեփանակերտ
2. Ավտուր.- Մարտունիի շրջան
3. Այգեստան.- Ասկերանի շրջան
4. Մեծ թաղեր.- Հադրութի շրջան
5. Հաղորտի.- Մարտունիի շրջան
6. Քարինտակ.- Շուշիի շրջան
7. Տող.- Հադրութի շրջանը
8. Աշան.- Մարտունիի շրջան
9. Ակնաբերդ.- Շահումեանի շրջան
10. Շուշի
11. Քարեգահ.- Լաչինի շրջան
12. Խնձորիստան.- Շահումեանի շրջան
2008ին աշակերտութեան թիւը 526 էր եւ պաշտօնէութեան թիւը՝ 111:
Մանկապարտէզներու բոլոր ծախսերը կը հոգացուին ՀՕՄի միաւորներուն եւ հետեւեալ բարերարներուն կողմէ.-
* Ընկ. Արմէն Թօփուզեան
* Ընկհ. Ժանէթ Թուխմանեան-Walsh
* Տէր եւ տիկ. Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեան
2008էն ետք, Արցախի իշխանութիւնները խորապէս տպաւորուած ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու մակարդակով, սկսան նիւթապէս օժանդակել, երեք մանկապարտէզներու հովանաւորութիւնը ստանձնելով, իսկ Ավտուրի մանկապարէզը փակուեցաւ՝ հոն հայ չմնալուն պատճառով:
7.- Կրթական Յատկացումներ.- ՀՕՄի Շրջանները եւ Մեկուսի մասնաճիւղերը, իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ, կրթանպաստ յատկացնելէ բացի, Կեդրոնական Վարչութիւնն ալ նաեւ հետեւեալ ծրագիրները ունի.-
Ա.- Երեմեան կրթաթոշակ.- Սամուէլ եւ Աղաւնի Երեմեան կրթաթոշակի ֆոնտը հիմնուած է 1983ին, որուն նպատակն է երիտասարդ մասնագէտներ պատրաստել, որպէսզի ապագային հայ ազգին եւ մարդկութեան օգտակար դառնան:
Ապրիլ 2002էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2008ը, 148 ուսանողներու 126,300 տոլար կրթանպաստ յատկացուած է:
Բ.- «Լաւագոյն Ուսանող» Ծրագիր.- 1995էն սկսեալ լաւագոյն համալսարանական ուսանողները կ՛ընտրուին Հայաստանի կրթական նախարարութեան եւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան նշանակած յանձնախումբին կողմէ:
Ամէն տարի, Հայաստանէն, Արցախէն եւ 2006էն սկսեալ æաւախքէն, լաւագոյն ուսանողները առ ի քաջալերանք, ՀՕՄէն 100ական տոլար նուէր կը ստանան:
Գ.- «Երբ Գալիս Է Սեպտեմբերը».- ՀՕՄը իր միաւորներով եւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան միջոցներով, 2002էն սկսեալ դպրոցական վերամուտին նուէրներ կը բաժնէ աշակերտութեան կամ դպրոցներուն:
8.- ՀՕՄի Ամանոր.- 2003էն սկսեալ, ամէն Ամանորի սեմին, ՀՕՄի իւրաքանչիւր անդամ 3 տոլար կամ աւելի կը նուիրէ, որպէսզի Կեդրոնական Վարչութիւնը իբրեւ ՀՕՄի կաղանդչէք ղրկէ Լիբանանի թռչնոց բոյնին, Ծերանոցին եւ Զուարթնոցի թերաճ երեխաներուն, Սուրիոյ Ծերանոցին եւ Հալէպի պատսպարանին, Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄի երկու ծերանոցներուն, Արցախի եւ Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն եւ Հայաստանի ու æաւախքի կարօտեալ մանուկներուն:
9.- Պատանիներու Փոխանակում.- Այս ծրագիրը սկսաւ 1987ին, որուն նպատակն է՝ կարիքաւոր հայ պատանիներ, իրենց ամառուան արձակուրդը անցնեն այլ գաղութի մը ամառնային պատանեկան ճամբարէն ներս, ծանօթանան աշխարհի այլ ափերէն եկած իրենց տարեկից հայ պատանիներու հետ եւ աւելի հայացած վերադառնան իրենց տուները:
Ապրիլ 2000էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2008ը, ՀՕՄի օժանդակութեամբ շուրջ 100 կարիքաւոր պատանիներ, կը խորհինք անմոռանալի օրեր անցուցած են հետեւեալ ճամբարներուն մէջ.-
* Հ.Ե. Դաշնակցութեան «Հայաստան» Քեմփին մէջ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջան
* Մակեդոնիոյ Թրակիոյ (Յունաստան) «Խալքիտիքի» ամարանոցը
* Ֆրանսայի Հայ Գթութեան Խաչի «Պէլֆոնթէն» կայանը
* Քալիֆորնիոյ Հ.Ե. Դաշնակցութեան ճամբարը
Հայաստանի կառավարութիւնը 29 Օգոստոս 2001ին, Դիլիջանի նախկին հանգստեան համալիրէն երկու հսկայ շէնքեր ՀՕՄին նուիրեց, առ ի գնահատանք Հայաստանի մէջ ՀՕՄի ազգօգուտ տարածութիւններուն համար (շէնքերէն մէկուն մէջ լողաւազան մըն ալ կայ):
Շէնքերուն վերաշինութիւնները եւ կահաւորումը երբ աւարտին, Դիլիջան ճամբարին մէջ, աշխարհի չորս ծագերէն եկած «ղարիպ կռունկ» պատանիներ, հայկականութեամբ թաթախուած իրենց ժամանակաւոր բոյները պիտի վերադառնան:
10.- ՄԱԿ եւ Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ.- ՀՕՄը 1978էն ի վեր անդամ է ՄԱԿի ոչ-կառավարական Կազմակերպութիւններու Հանրային Տեղեկութեանց բաժնին (NGO/DPI) եւ 28 Մայիս 1998էն սկսեալ անդամ է նաեւ Տնտեսական Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC):
ՀՕՄը՝ ՄԱԿի ծիրէն ներս, իր աշխատանքները կը տանի Պոսթընի գրասենեակէն եւ Երեւանի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակէն: ՀՕՄը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ ՄԱԿի հետ առնչուող այն հարցերուն վրայ, որոնք անմիջական կամ հաւանական ազդեցութիւն կրնան ունենալ հայ ժողովուրդի իրավիճակին ու ապահովութեան վրայ:
ՄԱԿի եւ UNICEF-ի հետ ՀՕՄի գործունէութիւնը՝ խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ, սեմինարներ եւ կամ աշխատանիստերը կապ ունին երեխաներու, պատանի-պարմանուհիներու, կիներու, տնային բրտութեան, առողջապահական, ընկերային անապահով խաւերու, HIV-AIDS-ի կանխարգիլման, «Թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարին եւ այլ հարցերու:
ՀՕՄի Երեւանի գրասենեակէն, տեղւոյն շրջանի նշանակած յանձնախումբին միջոցով, ՄԱԿի եւ այլ ազգերու զանազան կառոյցներու հետ գործակցաբար, հսկայ աշխատանք կը տարուի հայրենի ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու համար:
19 Փետրուար 2009ին, ՀՕՄի Հայաստանի միաւորին նախաձեռնութեամբ եւ պատրաստութեամբ «Երեխաների Պաշտպանութեան Համակարգը Հայաստանում» խորագրով հատոր մը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ: Այս շա՜տ այժմէական եւ անհրաժեշտ գրքին մեկենասն է ԱՄՆերու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեանը (USAID):
Մարտ 2009ին, Կեդրոնական Վարչութիւնը համաձայնագիր մը ստորագրեց Project Hope Բարեսիրական կազմակերպութեան հետ, որու օգնութեամբ դեղորայք եւ բժշկական սարքեր պիտի ստանայ:
ՀՕՄը ՄԱԿի եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցելով, բնականաբար Հայ Դատի գործ ալ կը կատարէ: