«ԱԶԴԱԿ»
Սեւրի իրաւարար պայմանագիրի ստորագրութիւնը նշող կլոր տարեթիւը առիթ է լոյսին բերելու մեր հողային պահանջատիրութեան իրաւական երաշխիքը։ Ցեղասպանութեան ճանաչումին առընթեր այսօր արդէն հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն հայոց պահանջատիրութիւնը իրաւական հարթութեան վրայ նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը։ Բոլոր ճիգերը անպայման մասնագիտական պատրաստուածութեան մակարդակը չեն յուշեր։ Այսուհանդերձ, կայ նկատառելի շարժում ճանաչումէն հատուցման պահանջի անցում կատարելու եւ ճանաչումը արդէն անցած փուլ համարելու։
Ի վերջոյ ճանաչումը ինքնանպատակ չէ։ Անիկա միջազգային իրաւունքի նորմերու լիակատար յարգումով ուղի կը հարթէ հատուցումի օրինականացումին։ Իսկ այս առումով Սեւրի մեկնակէտը իրաւական այն ելակէտն է, որուն վրայ յենուած պէտք է մեկնի հայոց պահանջատիրական երթը։ Մնացեալ ենթապահանջատիրութիւնները՝ եկեղեցիներ, ազգապատկան կալուածներ, սեփական հողեր, նիւթական պահանջներ, ունեցուածքներ կամ ապահովագրութիւններու յետադարձ գանձումներ ի վերջոյ պէտք է ներառուին պահանջատիրութեան առաջին խնդիրին՝ հողային հարցին ընդհանուր հովանոցին ներքեւ։ Այլապէս, եթէ իրաւական որեւէ մեկնաբանութեամբ անոնք կրնան հատուցումի էջը փակելու թրքական ժխտողականութեան կամ միջազգային քաղաքականութեան անուղղակիօրէն նպաստել, պէտք է շրջանցուին եւ դատի հետապնդումին համար առաջնային տեղը զիջին հողային հարցին։
Սեւրի իրաւարար վճիռի անժամանցելիութիւնը ընդգծող փորձագիտական հրապարակումներ հայ թէ օտար մամուլի սիւնակներուն վրայ բաւական տեղ գրաւած են։ Խնդիրը հասարակական ալիքի բարձրացումէն անդին հարցի պետականացումն է եւ պետական մակարդակի վրայ հարցի որդեգրումը։ Այս մէկը չի նշանակեր ուղղակի պահանջ հայոց պետութենէն հողային հարցը բարձրաձայնելու։ Քաղաքական ներկայ իրադրութիւններու լոյսին տակ եթէ նման բարձրաձայնում չ՛ակնկալուիր, ապա նաեւ ընդունելի չի կրնար համարուիլ Սեւրով երաշխաւորուած պատմական իրաւունքներու վերատիրացման համազգային նպատակի փրոթոգոլային չէզոքացում։ Խօսքը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ ծուարած երկկողմ պայմանագրերով տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչումի աքթին առաջնորդող նախադրեալն է։
Ճիշդ է, որ այժմ նախագահական մակարդակով առկախուած է ընթացակարգը։ Աւելի ճիշդը, ընթացակարգի վերջին հանգրուանը։ Միաժամանակ ճիշդ է նաեւ, որ մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարը երկու անգամ ստորագրած է Սեւրը չէզոքացնելու կոչուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անկէ առաջ անոնց նախագծային տարբերակը։
Սեւրի վերականգնումը Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հայոց պետականութեան հզօրացման հրամայականներուն առընթեր մեր համահայկական համախմբուածութիւնը ապահովող թեման կրնայ ըլլալ։ Հայ պետականութեան ղեկավարին կողմէ տրուած այցելութիւնը Սեւրով նոյնացուող Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ իրաւարար Ուիլսընի շիրիմին այդ անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ։ Այդ այցելութիւնը ներազգային պատգամներուն կողքին Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին ուղղուած պատգամ է, թէ՝ Սեւրը իրաւաքաղաքական ժամանակակից յղացք է հայոց պետութեան համար։ Իսկ այդ մէկը ուղենիշ է արդէն Սեւրի վերականգնման նպատակին շուրջ համահայկական համախմբուածութիւն ձեւաւորելու։