ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» կայան թղթակից Ռուզաննա Ստեփանեան կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամուլի քարտուղար, Ազգային ժողովի պատգամաւոր էդուարդ Շարմազանովի կարծիքով, հայերը պէտք չէ մասնակցին Սեպտեմբեր 19ին Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին: Ըստ անոր, թուրքերը հերթական անգամ լուրջ քայլերու դիմելու փոխարէն, ձեւական միջոցներու կը դիմեն: Ան կ՛աւելցնէ, թէ չի կարծեր, որ նման միջոցառումներով «կարելի է հասնել հանդուրժողականութեան եւ քաղաքակրթութիւնների համերաշխութեան: Թուրքիան եւս մէկ անգամ ցոյց է տալիս իրական կամքի բացակայութիւն»:
Այս տեսակէտը կիսեց նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան: Անոր կարծիքով, այդ միջոցառումին մասնակցութիւնը կը նշանակէ մասնակցութիւն «թրքական սադրանքին», քանի որ տարին մէկ անգամ հայերուն Ս. Խաչի մէջ պատարագ ընել արտօնելով, Թուրքիան ընդամէնը կը փափաքի աշխարհին ցոյց տալ, թէ որքան «բարեհոգի է հայերի նկատմամբ»: Մանոյեան հաւատացեալներուն կ՛առաջարկէ Ս. Խաչ այցելել այլ օր, բացի Սեպտեմբերի 19ին:
«Միայն Թուրքիայի արտօնած օրը գնալը, կարծում եմ, սխալ է: Անձնապէս չեմ մեղադրում հաւատացեալներին, որ ուզում են գնալ, բայց գնացողը պէտք է իմանայ, որ ինչ-որ տեղ նպաստում է թուրքական սադրանքին», ըսաւ ան:
Մանոյեան նաեւ սխալ կը համարէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններուն մասնակցութիւնը մատուցուելիք պատարագին:
Միւս կողմէ, թրքական «Աքշամ» թերթը կը տեղեկացնէ թէ Աղթամար Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբերին կայանալիք կրօնական արարողութենէն մէկ ամիս ետք՝ Հոկտեմբերին, զբօսաշրջական տօնավաճառ մը պիտի բացուի։ Տօնավաճառին պիտի հրաւիրուի, ուրիշ երկիրներու կողքին, Հայաստան եւս։ Կը սպասուի, որ 5000 այցելուներ Վան գան ու մասնակցին տօնավաճառին։ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը ջանայ ապահովել մեծ թիւով հայերու ներկայութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.