ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, Օգոստոս 8ի առաւօտուն, լիբանանեան տարբեր շրջաններէ 150 պատանիներ համախմբուեցան Այնճարի մէջ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմնի կազմակերպած բանակումին։
Խումբերու բաժնուելէ եւ կազմակերպական սկզբնական աշխատանքները ամբողջացնելէ ետք՝ կէսօրուան ժամը 1ին դրօշակի արարողութեամբ տեղի ունեցաւ երէց պատանիներու բանակումին պաշտօնական բացումը։ Նշենք, որ ինչպէս շաբաթ մը առաջ սկսած եւ տակաւին նոր աւարտած կրտսեր պատանիներու բանակումը, այնպէս էլ երէցներու բանակումը եւս նուիրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 120ամեակին։ Պատանիները բաժնուեցան չորս խումբերու՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան Զօրեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Արամ Մանուկեանի անունները կրող։
Մէկ շաբթուան բանակումին ընթացքին պատանիներուն պիտի ներկայացուին նիւթեր, պիտի կազմակերպուին աշխատանքներ, մարզանքներ եւ դաստիարակչական ծրագիրներ, որպէսզի անոնք առաւել եւս լիցքաւորուին Դաշնակցութեան սկզբունքներով, հայկական ազգային շունչով, նաեւ դառնան աւելի չարքաշ, դիմացկուն, ֆիզիքապէս տոկուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.