ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիա ողջունեց «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ իսրայէլեան յարձակումին հարցով հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբ մը կազմելու ՄԱԿի որոշումը՝ իրեն վերապահելով ներում հայցելու եւ փոխհատուցում պահանջելու իրաւունքներ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ Թուրքիա միջազգայն յանձնախումբի աշխատանքներուն ամէն տեսակի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ՄԱԿի յանձնախումբը «միջազգային օրէնքի գերակայութիւնը պիտի հաստատէ»։ Ան ըսաւ, որ յանձնախումբին հետ գործակցելու Իսրայէլի պատրաստակամութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամէն երկիր միջազգային օրէնքի առջեւ հաշուետու է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.