ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Օգոստոս 2ին, Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը հրապարակած է զեկոյց մը, որ յստակացումներ կը կատարէ պատրիարք մը ընտրելու նախաձեռնութեան վերջ դնելու մասին՝ Պոլսոյ կուսակալութեան որոշումին կապակցութեամբ: Արդարեւ, այդ որոշումէն ետք վերջ տրուեցաւ աթոռակից պատրիարք ընտրելու աշխատանքին եւ կատարուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի հապճեպ ընտրութիւն։
Ստորեւ կը հրատարակենք զեկոյցը՝ որոշ յապաւումներով.
«Կրօնական Ժողովս հարկ զգացած է հրատարակել հետեւեալ լուսաբանութիւնը ի մասին պատրիարքական (աթոռակից պատրիարքի) եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութեան շուրջ մամլոյ մէջ եւ համացանցային դրութեան վրայ ստեղծուած վէճերուն։
Կրօնական ժողովը, նկատի ունենալով Պոլսոյ կուսակալութենէն հասած 29/06/2010 թուակիր եւ 31941 համար պաշտօնագիրը, որոշած էր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութեան ձեռնարկել։ Առ այդ, ժողովի հրաւիրած էր եկեղեցական համագումարը, որ 1 Յուլիս 2010ի նիստին կատարած էր ընտրութիւն եւ արդիւնքը հրապարակած:
Ժողովոյս նախապէս հրապարակուած որոշումը, թէ «Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. պատրիարք կը մնար ցկեանս իբրեւ պատրիարք», կը մնայ ի զօրու եւ ըստ այնմ պիտի չձեռնարկուի որեւէ ընտրութեան։ Ժողովս, նկատի ունենալով մեր աւանդութիւնները հարկ չի տեսներ այլ ձեռնարկներու դիմել։
Աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւնը կարելի չէ եղած իրագործել, որովհետեւ աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը խեղաթիւրելով իրեն յանձնուած պարտականութիւնը դիմած է օրինական հիմքէ զուրկ միջոցառումներու։ Սոյն կացութենէն կրօնական ժողովը պատասխանատու նկատել, միակողմանի մերձեցում մըն է։ Այս գծով, տեղին պիտի ըլլայ հարցադրել այն նպատակը, որ որոշ շրջանակներ կը միտին հետապնդել։
Համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց ներկայութեան, 30/06/2010 թուակիր եւ 9167 համար գրութեամբ աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինին յանձնուած է նամակ մը, որ կը տեղեկացնէ կրօնական ժողովոյ որոշումը՝ Պոլսոյ կուսակալութենէն հասած պաշտօնագրի «նկատի ունենալով, թէ պատրիարքական աթոռը թափուր չէ, նոր պատրիարքի կամ աթոռակից պատրիարքի ընտրութեանց համար նախաձեռնարկ մարմնի կազմութիւնը զուրկ է օրինական հիմքէ» տրամադրութեան հիման վրայ։ Յետ այսու խնդրոյ առարկայ չէ նախաձեռնարկ մարմին« անուան տակ գործող որեւէ մարմնի մասին խօսիլ։ Հետեւաբար, ամէն տեսակի ձեռնարկ, որ կը կատարուի նախաձեռնարկ մարմին անուան տակ յաչս աթոռոյ պիտի նկատուի անվաւեր։
Նաեւ այն պնդումները, որոնք կը տարածուին որոշ շրջանակներու կողմէ, թէ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքը այլեւս համայնքին կողմէ պիտի չընտրուի, բոլորովին անհիմն են եւ խեղաթիւրեալ։
Կրօնական ժողովը վճռակամ է պահպանելու Թուրքիոյ հայոց քուէարկութեան իրաւունքը՝ պատրիարքական ընտրութեան մը պարագային։
Իսկ ներկայ կացութիւնը լուծում մըն է իբրեւ հետեւանք՝ անտեղի ձեռնարկներուն պատճառաւ կասեցուած աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան վարչական դրութեան մէջ պատրիարքական փոխանորդի առընթեր գոյութիւն ունեցած է նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, որ ի բացակայութեան պատրիարքի, գործած է պատրիարքական լիազօրութեամբ։ Երբ պատրիարքական փոխանորդը կը կատարէ պատրիարքի կողմէ յանձնուած պարտականութիւնները, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ունի պատրիարքական լիազօրութիւն։ Այժմու պատրիարքական փոխանորդ Շահան արք. Սվաճեան թէ՛ եկեղեցական համագումարին եւ թէ այլ առիթներով բազմիցս յայտնած է, թէ տարիքի բերմամբ չէր փափաքեր պաշտօնավարել։ Այս պարագային, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդութիւնը, որ ինքնին լիազօրուած փոխանորդութիւն է եւ ընդունելի՝ նաեւ պետութեան կողմէ, նկատուած է որպէս լուծում։ Պետական պաշտօնագրի տրամադրութիւնը կ՛ընդգծեր, թէ յարմար պիտի ըլլար ընտրութիւնը կատարել պատրիարքարանի իրաւասու մարմիններու կողմէ։ Հակառակ անոր, որ կրօնական ժողովը ճանաչում ունեցող իրաւասու մարմին էր, նոյնքան եւ աւելի իրաւասու մարմնի՝ եկեղեցական համագումարի որոշում կայացուց, որպէսզի լայնախարիսխ ընտրութիւն մը տեղի ունենայ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի «արտաքոյ եկեղեցւոյ եւ արարողութեանց սգեմ կրելու» արտօնութիւնը կը միտի ընդհանուր փոխանորդին ապահովել իբրեւ պատրիարքական աթոռի ներկայութիւն եւ հաւասար դիրք, այլ համայնքներու միջեւ՝ պաշտօնական ընդունելութեանց ընթացքին։ Արդէն իսկ, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան բազմիցս յայտարարած է, թէ նման արտօնութեան մը պարագային այդ իրաւունքը պիտի գործածէ միայն վերոյիշեալ պարագաներուն»։
ՊՈԼՍՈՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյին Ավնի Մութլու Երեքշաբթի, Օգոստոս 3ին պատրիարքարան այցելեց՝ դիմաւորուելով պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ընթացքին Արամ սրբազան բարի գալուստ մաղթեց կուսակալին՝ իր փոխայցելութեան համար, զոր նկատեց ընծայուած պատիւ մը հայ համայնքին։ Կուսակալ Մութլու ըսաւ, թէ ուրախ է, որ կը գտնուի պատրիարքարանի պատմական շէնքին մէջ, եւ թէ ինք գիտէ երկրին մէջ առկայ հարցերը, մարդոց փափաքները եւ կը փորձէ համերաշխ մթնոլորտի մէջ ընթացք տալ մարդոց փափաքներուն եւ ուրախացնել զիրենք. միայն հարկ է, որ ամէն ոք յարգալիր ըլլայ օրէնքներուն նկատմամբ։ Միւս կողմէ, կուսակալը ըսաւ, թէ ինք կը փափաքի նաեւ հայ համայնքին ուրախութիւնը եւ շեշտեց, թէ այս պատճառով ալ պատրիարքարանին կողքին է։
Մօտ մէկ ժամուան մտերմիկ եւ հաճելի զրոյցէն ետք, կուսակալը գոհ տրամադրութեամբ հրաժեշտ առաւ պատրիարքարանէն։