ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Յուլիս 30ին հանդիպած է Հայաստանի մէջ գործող ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մերի Եովանովիչի հետ: Ըստ Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) մամլոյ գրասենեակի տեղեկութիւններուն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները: Առաջին նախագահը բարձրացուցած է նաեւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ժողովրդավարութեան վերականգնման, կաշառակերութեան յաղթահարման եւ տնտեսական զարգացման հետ կապուած հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան հիմնախնդիրներուն: Հանդիպման մասնակցած են ՀԱԿ կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչներ Լեւոն Զուրաբեան, Դաւիթ Շահնազարեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութեան փոխղեկավար Պրիւս Տոնահիւն եւ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի փորձագէտ Փօլ Սթրոնսքի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Վարձու՝ Ներկայ դարու Վասակներ…
Vazkeny jisht e, es nra het miacayn em…