ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Տարեկան Ակնարկ՝ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան Աշխատանքներուն
Պատանեկան վարիչ մարմինը վերջին մէկ տարուան ընթացքին սկսած է հրատարակելու իր «Զարկեռակ» էջը, նպատակ ունենալով հաղորդակցիլ Ձեզի հետ ու ներկայացնել մեր պատանեկան միութիւններն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ներկայ ու անցեալ յեղափոխական դէպքեր ու դէմքեր: Առ այդ, վարիչ մարմինս ի մտի ունի յետայսու, ամէն ամիս իր «Զարկեռակ» էջին միջոցաւ Ձեզի ներկայացնել իր տարբեր շրջաններու Պատանեկան միութիւնները, անոնց անցեալը, ներկան ու աշխատանքներու բնոյթը:
Մենք լիայոյս ենք, որ այս միջոցաւ Դուք ոչ միայն աւելի կը ծանօթանաք ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններուն, այլ պիտի ուզէք մօտէն մասնակցիլ նաեւ անոնց առօրեայ կեանքին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան վարիչ մարմինը երկու տարուան իր աշխատանքային ծրագիրը աւարտած ըլլալով՝ ստորեւ Ձեզի կը ներկայացնէ յամառօտ տեղեկատուութիւն՝ անցեալ երկու տարիներու իր աշխատանքներուն մասին, որուն մաս կազմած են շրջանիս բոլոր պատանեկան մասնաճիւղերը:
Այս տարեկան աշխատանքներուն նկատառելի բաժինը գրաւած են մեր կազմակերպչական, ընկերային եւ դաստիարակչական ծրագիրները, որոնց մաս կազմած են գլխաւորաբար զարգացման մրցում, հրապարակային ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, յեղափոխական երգերու երգեցողութեան մրցումներ, ընկերային խրախճանքներ, մարզական խաղեր: Իսկ այս բոլորին մէջ յատկանշական գործողութիւնը ձմեռնային դաստիարակչական բանակումն էր, որուն այս տարի մասնակցեցան աւելի քան 300 պատանիներ եւ երիտասարդականներ:
Բանակումի թեմաներն էին՝ հայապահպանում, հայ պատանիի պարտականութիւնները այսօրուան մեր իրականութեան մէջ, ՀՅԴի պատմութիւն եւ Սումկայիթի ջարդերը (դաստիարակչականները ներկայացուեցան ըստ տարիքի պատշաճութեան): Այս բոլոր աշխատանքերը կ՛ըլլան միջ-մասնաճիւղային, որպէսզի տարբեր շրջաններու պատանիներ առիթը ունենան իրար ծանօթանալու եւ աշխատելու իրարու հետ:
Լաւ օրինակ կարելի է նկատել մեր պատանեկան միջ-մասնաճիւղային մարզական խաղերը, որոնք տեղի ունեցաւ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի Նորթ Հիլզ համալիրէն ներս, որոնց մասնակցութիւն բերին աւելի քան 300 պատանիներ եւ ՀԵԴի երիտասարդներ. նաեւ՝ Պատանեկան խոստման արարողութիւնը, որուն ընթացքին 155 պատանիներ տուին իրենց Դաշնակցական Պատանիի խոստումը:
Աւելորդ է յիշել մեր պատանիներու մասնակցութեան մասին ապրիլեան ձեռնարկներուն, Մայիս 28ի եւ ՀՅԴ տօնակատարութիւններուն, Փրոթոքոլներուն դէմ բողոքի ցոյցերուն եւ Հայ Դատի թելեթոնին:
Պատանեկան միութեան ընդհանուր պատանիներուն թիւը կը կազմէ 450 պատանի (78՝ ՀԵԴ փոխանցուած), իսկ շրջանները կը հաշուեն 12 մասնաճիւղեր՝ հետեւեալ կարգով.
Օրենճ Քաունթի՝ «Սերոբ Աղբիւր»
Փասատինա՝ «Նիկոլ Դուման»
Լա Քրասենթա՝ «Գարեգին Նժդեհ»
Պըրպենք՝ «Կայծակ»
Վալի՝ «Արաբօ» եւ «Սիմոն Վրացեան»
Ֆրեզնօ՝ «Քրիստափոր»
Կլենտէյլ՝ «Շանթ» եւ «Զաւարեան»
Հոլիվուտ՝ «Սողոմոն Թեհլիրեան»
Հիուսթըն՝ «Դրօ»
Մոնթեպելլօ՝ «Վահան Գարտաշեան»
Սան Ֆրանսիսքօ՝ «Ռոստոմ»
Թորընս՝ «Փոթորիկ»
Հպարտ ենք ըսելու, որ Պատանեկան վարիչ մարմնի վերջին տարիներու ծրագրած բոլոր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակուած են: Անշուշտ այս բոլորը կարելի պիտը չըլլար յաջողեցնել, առանց օգնութեանը մեր վարիչներուն, որոնք թէեւ հոգեբոյժներ կամ մասնագէտներ չեն, սակայն դաշնակցական գիտակցութեամբ իրենց ազգային, բարոյական պարտականութեան տէր ընկեր-ուհիներ են: Անոնք տրամադրեցին իրենց երկար ժամերը, զրկուեցան անձնական հաճոյքներէ, առանց յուսահատելու կամ հրաժարելու իրենց վստահուած դաշնակցական պարտականութենէն՝ գիտակցելով դաշնակցականի իրենց երդումին:
Իսկական գնահատանքի արժանիները մեր վարիչներն են, որոնք առանց որեւէ վարձատրութեան կամ ակնկալութեան, կը շարունակեն այս նուիրեալ գործը: Այս վարիչներու ազգային-դաստիարակչական գիտակցութեան կը պարտինք մեր այսօրուան նոր հասակ առած պատանի-երիտասարդները, որոնց դուք բոլորդ վկայ էք:
Իսկ ահա, այս էջով պիտի սկսինք Ձեզ ներկայացնելու Պատանեկան միութեան մասնաճիւղերը՝ սկսեալ Օրենճ Քաունթիի «Սերոբ Աղբիւր» մասնաճիւղէն:
—————————————————————————————————————————————————————
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ
Պատանիները Կը Գրեն Թուրք-Հայկական Արձանագրութիւններու Մասին
Արձանագրութիւններու դէմ ցոյցը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզ հիւրանոցին դիմաց: Կը յիշեմ, երբ բոլորս կը պատրաստուէինք հանրակառք բարձրանալու… ճամբան ես կը մտածէի մենք պատմութեան դրուագ մը կ՛ապրէինք: Մենք այն սերունդն ենք, որ մեր ժողովուրդը պիտի ղեկավարէ… շատ տարօրինակ, բայց իրական միտքեր էին ասոնք:
Երբ հոն հասանք, միայն կը լսէինք մեծի ու փոքրի, ոյժով եւ յօգնած բացականչող ձայները, որոնք կ՛ուզէին նախագահը իրենց լսէր: Անոնք կը կանչէին «դաւաճան», «ոչ մի զիջում, ոչ մի զիջում»: Ես այս ձայները ձախ ու աջ կը լսէի եւ կը հասկնայի որ ինչ կը պատահէր: Ամբողջ ժողովուրդ մը միացած էր իր հաւատքին համար: Դժուար էր մտածել որ մեր նախագահը մեր դիմացի շէնքին մէջ կը գտնուէր: Այդ ամբողջ պրկուած զգացումը պարզապէս հիանալի էր:
95 տարի Հայկական Ցեղասպանութենէն անցած է եւ այն ինչ որ մենք այդ ամբողջ տարիներուն ըրած ենք՝ այս արձանագրութիւնները կրնան մեզ վնասել: 95 տարիներու ընթացքին աւելի քան 30 երկիրներ ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ շատ ու շատ ժողովուրդներ ալ կը ճանչնան հայն ու Հայաստանը: Իսկ եթէ այս արձանագրութիւնները վաւերացուին այս բոլոր աշխատանքները ապարդիւն պիտի ըլլան: Որպէս ՀՅԴ պատանի մը ես մեր պետութեան կողմէ դաւաճանուած կը զգամ ու կորսուած զգացումներու ու բարկութեան մէջ… ես պատասխան կը սպասեմ իմ վարիչէն, հիմա ի՞նչ պիտի ընենք:
Ալիք Չըրչեան
Օրենճ Քաունթի, «Սերոբ Աղբիւր» Մասնաճիւղ
«Եթէ կ՛ուզես ժողովուրդի մը ապագան տեսնել, նայէ անոր երիտասարդութեան աչքերուն մէջ». Գարեգին Նժդեհի այս խօսքը ծանօթ է բոլոր Սփիւռքահայ կամ Հայաստան ապրող հայութեան, սակայն կրնայ ըլլալ, որ մեր կառավարութիւնը պատմութեան այս դասը մոռցած էր, երբ որոշեց ստորագրել արձանագրութիւններ, որոնք կրնան մեր պատմութիւնը փոխել: Կառավարութիւն մը պէտք է իր երկիրը դէպի աւելի մեծ ու լաւ բաներ առաջնորդէ ու ոչ թէ խորտակէ անոր երազներն ու ապագան:
Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին բազմաթիւ տարբեր գաղափարներով հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք երբեք իրարու հետ չէին աշխատած, մէկ կողմ դրին իրենց տարբերութիւններն ու միացան ու մէկ ճակատ կազմելով տարբեր ծրագիրներ կազմեցին, որպէսզի հայկական կառավարութեան արգելք ըլլան: Ես կը կարծեմ անիկա պատանեկան կեանքիս մէջ ամենահաճելի բաներէն մէկն էր որ տեսած եմ: Այս կազմակերպութիւնները նոյնիսկ Հայաստանի անկախութիւնը տօնելու համար չեն կրնար քով քովի գալ, սակայն արձանագրութիւնները կեցնելու համար կրցան: Ամենաքաղցր բանը հայկական կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը տեսնելն էր:
Արիւն, քրտինք ու արցունք կը գործադրուէր արձանագրութիւնները կեցնելու համար: Միայն որովհետեւ մեր կառավարութիւնը որոշած է ստորագրել արձանագրութիւնները, չի նշանակեր որ մեր չարաչար աշխատանքը արդիւնք պիտի չունենայ: Հայկական կազմակերպութիւնները Սփիւռքը դաստաիարակած են եւ միասին աշխատած՝ ցոյց տալու հայկական ոյժը:
Ես շատ յուսախաբ եմ ու խաբուած կը զգամ արձանագրութիւններու գաղափարով:
Ես ՀՅԴ Պատանի եմ եւ հպարտօրէն կրնամ ըսել, որ պարտուած չեմ զգար: Ասկա միայն պայքարի սկիզբն է: Պայքար, պայքար, մինչեւ վերջ:
Լուսի Դիշոյեան
Օրենճ Քաունթի, «Սերոբ Աղբիւր» Մասնաճիւղ
———————————————————————————————————————————
Letter to Turkey
I should like to see any power of the world to destroy this race, this small tribe of unimportant people, whose wars have all been fought and lost, whose structures have crumbled, literature is unread, music in unheard, and prayers are no more answered. Go ahead, destroy Armenia. See if you can do it. Send them into the desert without bread and water. Burn their homes and churches. Then see if they will not laugh, sing and pray again. For when two of them meet anywhere in the world, see if they will not create a new Armenia.
William Saroyan
Abdullah Gul,
It has been about 95 years. 95 years of denial, yet we are still in the same ordeal. Are these sentences ringing a bell?
Very recently, you sent out volunteers to help out Gaza. You had nine of your volunteers killed, and you call yourself a hero? Do you remember the bloody year 1915? 1.5 million Armenians were massacred under your ancestors bloody hands. Since then you and your predecessors have never admitted to this crime and today youre being called a hero. The hero of the Middle East! However, here is a better word for what you are; A Hypocrite!
A hypocrite is someone who has double standards and speaks in duplicity. Hypocrites say one thing but do another. Hypocrites tell others to do things that they themselves dont do. Or they tell others not to do things that they themselves do. Trying to change history after trying to eliminate an ancient nation? Almost removing it from the map? Then helping other people? Stop rewriting history! Only a great nation has nothing to hide. Go ahead Abdullah, go ahead! Just admit your bloody past. The whole world is suspicious of your actions. Explain yourself Turkey, explain yourself!
Exactly what is the purpose behind this incident in Gaza?
Explain yourself, but be aware! Absolutely nothing will hide the year 1915.
Alique Cherchian
Orange County, Serop Aghpyour Chapter
——————————————————————————————————————————-
Տպաւորութիւններ Օրենճ Քաունթիի «Սերոբ Աղբիւր» Մասնաճիւղին Մասին
Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, շատ դժուար է ինքզինք պատանի զգալ, եթէ գործունեայ մասնաճիւղի մը չես պատկանիր: Բարեբախտաբար Օրենճ Քաունթիի հայ երիտասարդները այս հարցին մէջ բողոքելու առիթ չունին: ՀՅԴ Պատանեկանի Օրենճ Քաունթիի «Սերոբ Աղբիւր» մասնաճիւղը այսօր եղած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ ամենաաշխոյժ մասնաճիւղերէն մէկը:
Մեր մասնաճիւղը միւս մասնաճիւղերէն զանազանողը այն է, որ թէեւ մենք մեծ թիւով անդամներ չունինք, բայց բոլոր անդամները իրենց ընկերներուն կեանքին մասնակից են, քանի որ Օրենճ Քաունթիի գաղութի երիտասարդները միասին մեծցած են՝ ըլլայ ատիկա ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ դպրոցներ յաճախելով, կամ եկեղեցիի ու սկաուտական աշխատանքներու առիթով մէկզմէկու հանդիպելով:
Մենք բոլորս մեր անդամներուն կը հոգանք եւ ունինք հսկայ ընտանիք մը, ուր կը բաժնենք մեր ուրախութիւնները, գաղափարները, մտահոգութիւնները եւ մէկ խօսքով՝ ամէնօրեայ կեանքը: Մեր մասնաճիւղի ներկայ խորհրդատուն Նայիրի Չերչեանն է: Ընկերուհի Նայիրին Պատանեկանի անդամ եղած է եւ բախտաւոր եղած է՝ ընկեր Յակոբ Աւետեանը իբրեւ խորհրդատու ունենալով:
Ընկերուհի Նայիրին եղած է դաստիարակ, բարեկամ եւ երբեմն նոյնիսկ ծնողքէ մը աւելի: Ան Օրենճ Քաունթիի երիտասարդները դէպի ապահով եւ արդիւնաւէտ ճամբայ կ՛առաջնորդէ: Այս մասնաճիւղը ոչ միայն կը տրամադրէ արդիւնաւէտ դաստիարակութիւն, այլ կ՛ունենայ հաճելի միջոցառումներ: Մենք չափազանց գործունեայ ենք եւ կը փորձենք մեր գաղութը եղածէն աւելի լաւացնել:
Մեր պատանիները բաւական չափահաս կը մտածեն եւ իրենց սիրտն ու կեդրոնացումը նուիրած են Հայ Դատին արդար լուծման հարցին:
Մենք մեր ժոովուրդին ապագան ենք ու այն փոփոխութիւնը, որուն կարիքը բոլորը կը զգան:
Լուսի Տիշոյեան
Օրենճ Քաունթի,
«Սերոբ Աղբիւր» Մասնաճիւղ
Փոխնախագահ
—————————————————————————————————————————–
Օրենճ Քաունթիի Պատանեկանի «Սերոբ Աղբիւր» Մասնաճիւղ
1983 թուականին Օրենճ Քաունթիի համայնքը քով քովի գալով հիմնեց «Սերոբ Աղբիւր» Պատանեկան միութիւնը, որ դարձաւ զօրաւոր հիմքը գաղութի գոյատեւման: Իսկ այսօր այս զօրաւոր մասնաճիւղը ունի 27 տարուայ պատմութիւն:
Ընդհանրապէս Պատանեկան միութիւնները զոհուած հերոս մը յարգելու նպատակով իրենց շրջանի մասնաճիւղը այդ հերոսին անունովը կ՛անուանեն: Օրենճ Քաունթիի շրջանի ընկերներն ալ որոշեցին իրենց շրջանի պատանեկանի անունը կոչել «Սերոբ Աղբիւր»:
Մասնաճիւղին առաջին խորհրդատուն եղած է ընկ. Յակոբ Աւետեան:
1983էն առաջ, պատանիներն ու երիտասարդները իրարու քով հաւաքուած խումբ մը կազմէին միայն: Սակայն, Պատանեկան միութեան հիմնումէն ետք, արդէն ստեղծուեցաւ ՀՅԴ Օրենճ Քաուն-թիի առաջին սերունդի պատանիներու 12 հոգինոց խումբ մը, որ պատրաստ էր իր ժամանակը, ոյժը եւ կեանքը նուիրելու կազմակերպութեան:
Սկզբնական շրջանին, քանի որ ակումբ չկար, ժողովները ամիսը անգամ մը, անդամներու բնակարաններուն մէջ տեղի կ՛ունենար: Անցեալ 27 տարիներու ընթացքին այս մասնաճիւղը բազմացած է եւ ներկայիս ունի 70 անդամ, երկու խումբերով՝ 9-12 տարեկաններու խումբ եւ 13-16 տարեկաններու խումբ: Մենք շատ բախտաւոր կը զգանք, որ առիթը ունինք ապահով շրջանակի մը մէջ յարաբերելու եւ հանդիպումներ ու ժողովներ ունենալու: Տարիներու ընթացքին ակումբը մեր երկրորդ տունը դարձած է: Ամէն երկու շաբաթ անգամ մը մենք նոր անդամ մը կ՛ունենաք: Մեր Պատանեկան միութիւնը ունի երեք յանձնախումբեր. Գործունէութեան (Activism), յարաբերական (Society) եւ Հայ Դատ:
Գործունէութեան յանձնախումբը տեսաներիզներ կը պատրաստէ պատանիներն ու համայնքը դաստիարակելու՝ անցեալի, ներկայի ու ապագայի դէպքերու մասին: Անոնք նաեւ գաղութին համար կը ծրագրեն խաղալիքներ հաւաքելու (toy drive) եւ վերամշակելու (recycle) աշխատանքներ:
Յարաբերական յանձնախումբը կը ձեռնարկէ ծրագիրներ Օրենճ Քաունթիի պատանիներուն օգնելու միւս մասնաճիւղերու հետ կապէր ստեղծելու համար: Իսկ Հայ Դատը պատանիներուն համար դաստիարակչական դասընթացքներ եւ խաղեր կը պատրաստէ:
«Սերոբ Աղբիւր» մասնաճիւղը ամէն տարի կ՛ունենայ Ծնունդի տօնակատարութիւնը, որուն կը մասնակցին բոլոր պատանեկան եւ երիտասարդական խումբերը: Իսկ մասնաճիւղը իր հերթին կը մասնակցի բոլոր կեդրոնական ձեռնարկներուն, ինչպէս՝ ողիմպիական խաղեր, երգի մրցում եւ գիտելիքներու մրցում (Quiz Bowl): Մենք նաեւ մաս կը կազմենք «Փարոս Լոյսի Հիմնադրամին», որ դրամահաւաք կը կազմակերպէ Հայաստանի չքաւորներուն համար:
Մասնաճիւղի ներկայ խորհրդատուն է ընկերուհի Նայիրի Չերչեան:
Տեղեկագիրը Պատրաստեց՝
Ընկերուհի Լուսի Տիշոյեան
Օրենճ Քաունթի,
«Սերոբ Աղբիւր» Մասնաճիւղի Փոխնախագահ