ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս մեր առաջին էջով տեղեկացուցած ենք, «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործալութիւնը Հինգշաբթի, Յուլիս 29ին հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ու երկու գլխաւոր դրամատուներու դէմ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով, ամերիկեան ատեանի մը մէջ դատ մը բացուած է:
Լուրը կրնայ ըլլալ առաջին էջի վրայ դրուելու արժանի լուր մը չնկատուիլ մեզի հետ գործակցող եւ շրջանի մեծագոյն օրաթերթին՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ին համար, սակայն ակնկալելի էր, որ թերթը առնուազն ձեւով մը անդրադառնար քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, իրաւական կամ պատմական անկիւններէ հետաքրքրական այս դատին: Վերջապէս ամէն օր չէ, որ միլիառաւոր տոլարներու պահանջներով դատ կը բացուի ցեղասպանութեան դիմած պետութեան մը դէմ: Չենք կրնար ըսել, որ թերթին լրագրողներուն աչքէն խուսափած էր այս լուրը, որովհետեւ թերթին համացանցային կայքին վրայ, Հինգշաբթի երեկոյեան արդէն իսկ լոյս տեսած էր լուրը, այսինքն խմբագիրները բաւարար ժամանակ ունէին զայն իրենց տպագիր օրինակին մէջ եւս լոյս ընծայելու: Հրէական ողջակիզման կողքին, Ռուանտայի, Տարֆուրի, Քամպոտիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող սպանդներուն վրայ լուսարձակ բացող այս թերթին կողմէ նման անտեսում մը պարզապէս անընդունելի է:
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, թերթը Հինգշաբթի օր լայն եւ աչքառու տեղ տուած էր հրէական ողջակիզման օրերուն գողցուած հունգարացի հրեայ մեծահարուստի մը 100 միլիոն տոլար արժող արուեստի գործերուն վերատիրանալու նպատակով՝ Հունգարիոյ դէմ, անոր ժառանգորդներու կողմէ բացուած դատին: