ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
1.-Ինքնակենսագրութիւն
Ծնած եմ Հալէպ-Սուրիա:
Նախնական ուսումս ստացած եմ Հալէպի ազգային Հայկազեան վարժարանէն, իսկ միջնակարգ եւ երկրորդականը՝ Հալէպի Ամերիկեան գոլէճէն ներս:
Բարձրագոյն ուսումս շարունակած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուրկէ 1968ին ստացած եմ բժշկութեան տիտղոսը:
Ապա նոյն տարին մանկաբուժութեան եւ մանուկներու գեղձերու մասնագիտութիւնս շարունակելու համար մեկնած եմ Միացեալ Նահանգներ, ուր յաճախած եմ Շիքակոյի Cook County Hospital-ի բժշկական համալսարանի Pediatrics & Pediatric Endocrinology բաժինը, զոր իբրեւ մասնագէտ բժիշկ աւարտած եմ 1972ին:
1972-1973 Քընթաքի նահանգի Louisville համալսարանին մէջ շարունակած եմ բժշկութիւնս եւ ապա մինչեւ 19828 տարիները նոյն համալսարանէն ներս իմ մասնագիտութեանս մարզին մէջ եղած եմ համալսարանի բժշկութեան բաժնի դասախօս:
1982ին հաստատուած եմ Քալիֆորնիա եւ նոյն տարին իսկ հիմը դրած՝ անձնական իմ դարմանատուն- գրասենեակիս:
Ամուսնացած եմ Բըրլա Նազարեանի հետ: Ունինք մէկ մանչ՝ Րաֆֆի, որ քանի մը տարիէն կը վկայուի իբրեւ բժիշկ:
Մասնագիտութիւն
2.- Ի՞նչ պիտի հասկանանք Pediatrics & Pediatric Endocrinology բացատրութեամբ:
Խոստովանիմ, որ երկրորդականի գրասեղաններուն աշակերտած շրջանիս, բժիշկ ըլլալ շատ կը ցանկայի: Այս փափաքս միշտ հետս պտտցուցած էի եւ շնորհիւ յարատեւ ճիգերուս օր մըն ալ զայն իրականութիւն դարձուցի:
Գիտէի, որ իբրեւ մարդ եւ հայ մարդ, բժիշկ ըլլալը ինծի անձնապէս ներքին բաւարարութիւն պիտի տար:
Շատ կը սիրէի մանուկներու եւ երեխաներու խնամքով զբաղուիլ:
Շնորհիւ Շիքակոյի համալսարանի իմ փրոֆէսէօրներէս՝ հանրայայտ բժիշկ դասախօս Այրա Րօզընթայի թելադրանքին, ցուցմունքներուն եւ մանաւանդ քաջալերանքին ես ընտրեցի մանուկներու բաժնի այս ճիւղը՝ իբրեւ մասնագիտութիւն:
Մանկաբուժութիւն եւ մանուկներու գեղձերու բաժինը, հսկայ եւ տարածուն ճիւղ մըն է: Հետաքրքրական ըլլալով հանդերձ, ինծի համար սրտիս խօսող մասնագիտութիւն մըն ալ է:
Այս մարզէն ներս է, որ կը դարմանուին մանուկներու կամ երեխաներու գեղձերը, կը կատարուին փոքրերուն բնական կամ անկանոն աճումներուն յատուկ ախտաճանաչումները, յատկապէս վահանագեղձը եւ ապա սեռային զարգացման հարցերուն ու հիւանդութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող խնդիրները:
Տակաւին այս մարզէն ներս կ՛իյնան նաեւ կանխահաս շաքարախտն ու յարակից հիւանդութիւնները:
Իբրեւ մասնագէտ բժիշկ՝ ինծի կ՛իյնայ առաջին իսկ հերթին նորածինէն մինչեւ քսան եւ աւելի տարեկան հիւանդներուս կատարել ճշգրիտ ախտաճանաչումը եւ ապա դարմանումի ճամբաներ որոնել:
Իմ կարգիս, չեմ գոհանար միայն հիւանդը դարմանելու մտահոգութեամբ եւ զբաղումով, այլ ինծի համար շատ էական է նաեւ հիւանդին ընտանիքի անդամներուն հիւանդութեան ընդհանուր սկզբունքները փոխանցել, բացատրել, սորվեցնել, որպէսզի դարմանումը ըլլայ կատարեալ ու ամբողջական:
3.- Ո՞վ է բժիշկը:
Պէտք է ըսել, որ բժշկութիւնը նուիրական գործ մը, աշխատանք մը կամ աւելի ճիշդ մասնագիտութիւն մը ըլլալէ առաջ եւ աւելի նաեւ մեծ առաքելութիւն մըն է, որ կը միտի հիւանդ մարդուն շուտափոյթ բուժման ձեւերու որոնման եւ անոր առողջութեան վերականգնումին:
Հիւանդին համար բժիշկը միշտ եղած է իր պաշտպանն ու փրկիչը:
Իմ հիւանդներուս հետ, որոնք մեծ մասով նորածիններ, մանուկներ, երեխաներ եւ նոյնիսկ պատանիներ են կը վարուիմ իբրեւ իմ հարազատներէս մէկը:
Բժիշկը պարտաւոր է բաւական ժամանակ տրամադրել իր հիւանդին քննութեան, անոր ցաւերուն ծանօթացման: Այլ խօսքով, յանուն հիւանդի առողջութեան բժիշկը պէտք է որոշ չափով զոհէ իր հանգիստը, իր հաճոյքն ու ընկերային ժամերը:
Այլ խօսքով, բժիշկին առաջնակարգ գործն ու աշխատանքը ի սէր մարդկութեան կեանք մը փրկելն է, զայն առողջացնելով եւ բուժելով:
Ասկէ մեկնած, ուրեմն բժիշկը ունի բազմակողմանի ծառայութիւններ, որոնք կը կազմեն իր վաստակին մեծագոյն մասը:
Շատ յաճախ կրկնած եմ, եւ ամէն առիթներով շեշտած, որ դիւրին բան չէ բժիշկ ըլլալը: Իր կոչումին տէր բժիշկը գիտութեան, փորձառութեան կողքին պէտք է խիղճ ալ ունենայ, յարատեւօրէն հետապնդէ ու հետեւի հիւանդին առողջական վիճակին:
Հիմնուած իր ուսման, մասնագիտութեան եւ մանաւանդ իր փորձառութեան վրայ բժիշկը հիւանդին հետ առաջին իսկ հանդիպման պէտք է որ կատարէ ճշգրիտ ախտաճանաչումը եւ ապա այդ հիման վրայ անցնի իր դարմանումներուն:
Բժիշկին խօսքը պէտք է նաեւ խորք եւ իմաստ ունենայ: Ինծի համար բժիշկ կը նշանակէ ըլլալ համոզիչ խօսք ունեցող եւ համբերատար մարդ, որուն գլխաւոր եւ առաջնահերթ առաքելութիւնն է հիւանդին առաողջութեան վերականգնումը:
Բժիշկը պէտք չէ յուսահատիլ գիտնայ, որպէսզի հիւանդն ալ հոգեպէս համոզուած ըլլայ ու ամէն գնով ջանայ առողջանալ:
Բժիշկը ինք պէտք է նաեւ նախազգուշական ճամբաներ փոխանցէ, ցոյց տայ հիւանդին եւ անոր պարագաներուն:
Անշահախնդրութիւնը մեծ դեր կը խաղայ բժշկութեան ասպարէզին մէջ:
Վերջ ի վերջոյ բժիշկը պէտք է վստահութիւն ներշնչէ իր հիւանդին: Իր մասնագիտութեան մէջ իրմէ կը պահանջուի ըլլալ նաեւ արդարամիտ, բծախնդիր ու խղճամիտ:
Վերջ ի վերջոյ կը հաւատամ, որ բժշկութիւնը կոչում ալ է:
4.- Ո՞վ է Մարք Գոթոյեանը մեր գաղութէն ներս:
Դժբախտաբար մասնագիտութիւնս պատճառ դարձած է, որ գաղութէն ներս մնամ իբրեւ համեստ ու լուռ քաջալերող մը, բոլոր այն ծրագիրներուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն որոնք հայութեան դիմագիծի պահպանման կը ձգտին:
Պատանեկութեանս տարիներուն, ամբողջ ժամանակս յատկացուցած ու տրամադրած էի միութենական բազմազան աշխատանքներուն:
Հոս սակայն եւ մանաւանդ անձնական գրասենակ-դարմանատունս ունենալէ ետք, ժամանակս յատկացուցած եմ լրիւ ու ամբողջական ձեւով իմ հիւանդներուս, անոնց խնամքին, հիւանդանոցներ այցելութիւններով կամ անհատական տեսակցութիւններով:
Բայց անկեղծօրէն արտայայտուելով, թէեւ միութենական աշխատանքներէ հեռու եմ, բայց ամէն պատեհ առիթներով մօտէն կը հետեւիմ մեր այս գաղութին հարցերուն, հայ մամուլին եւ հայ գրականութեան:
Միշտ խանդավառ եմ Սփիւռքեան եւ, Հայրենիքի անկախացումէն ետք ալ՝ հայրենի ստեղծագործ աշխատանքներով:
Կը հաւատամ, որ անկախ հայրենիքը ինչ հրաշքներ կրնայ գործել մեր կեանքին մէջ:
Կը հաւատամ նաեւ, որ Սփիւռքը, հայ Սփիուռքը, Արեւելքի կամ Արեւմուտքի մէջ ուժեղ կրնայ ըլլալ, երբ մեր հայրենիքը զօրաւոր է:
Ի տես բոլոր յառաջդիմութիւններուն եւ յաջողութիւններուն, ի տես գաղութի բազմաշերտ ծրագիրներուն եւ իրագործումներուն խանդավառութիւնս զիս միշտ լաւատեսութիւն ներշնչած է:
Հաւանաբար այս մէկը իմ մասնագիտութենէս կու գայ: Բժիշկը միշտ լաւատես պէտք է ըլլայ, որպէսզի իր հիւանդն ալ իրմէ վարակուի:
Անոր համար թէեւ յուսհատական խօսքեր կամ արտայայտութիւններ յաճախ հիւանդներէս ու կարդացած մամուլէս կը լսեմ եւ կամ կը տեղեկանամ, բայց շնորհիւ ունեցած այս լաւատեսութեանս կը կարծեմ, որ ուշ կամ կանուխ մեր ժողովուրդը յատկապէս Սփիւռքի տարածքին՝ պիտի վերադառնայ իր մշակոյթին ու ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ անոր զարգացման եւ բարգաւաճման աշխատանքներու յաջողութեան: :
Իբրեւ մարդ, հայ մարդ եւ հայ բժիշկ կը կարծեմ նաեւ որ պէտք է ըլլանք յաւիտենական ուսանող: Ընթերցումը կը զարգացնէ մեր միտքը:
Այս մէկը պէտք է վարակիչ դարձնել մանաւանդ մեր նոր սերունդին մօտ: