
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յուլիս 26ին, արդիւնաւէտ հանդիպում մը տեղի ունեցած է քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ հրշէչներու պետ Տենիս Տաունի:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Տոնիկ Տօնապետեան, Վաչէ Տէրտէրեան, շրջանի ՀՄԸՄ «Ազատամարտ»ի ատենապետ Պերճ Պետոյեան ու Հրայր Տէրտէրեան:
Հանդիպման ընթացքին քննուած է համայնքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով առնուելիք շարք մը քայլեր:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը ջանայ քաղաքին հայ համայնքին ու հրշէջներու բաժանմունքին հետ գործակցելով՝ նպաստել համայնքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքներուն, միաժամանակ կոչ ընելով աւելի մօտէն ծանօթանալու բաժանմունքին՝ այցելելով Փասատինայի հրշէջներու համացանցային կայքէջը՝ http://cityofpasadena.net/Fire հասցէով: