ԷՆ ԱՐՊԸՐ, Միշիկըն.- Միշիկըն համալսարանի պատմագիտութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ արդի հայոց պատմութեան Ալեքս Մանուկեանի անուան ամպիոնի վարիչի պաշտօնին համար դիմումնագիրներ սկսած է ընդունելու՝ յուսալով փորձառու եւ յաջողակ մտաւորական մը գտնել այդ թափուր աթոռին համար: Ամպիոնը կը գործէ համալսարանի հայագիտական ծրագիրի հովանիին տակ:
Դիմումները կարելի է ներկայացնել մինչեւ Հոկտեմբեր 1, երբ պիտի սկսին թեկնածուներու քննարկումը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Միշիկըն համալսարանի պատմագիտութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Ճէօֆ Իլային՝ 1029 Tisch Hall, 435 S. State St., Ann Arbor, MI 48109-1003 հասցէով, կամ (734) 763-2289 թիւով: Հեռապատճէնի թիւն է՝ (734) 647-4881:
Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ii.umich.edu/asp համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.