ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 26ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդը: Իր օգնականներուն հետ վեհափառին ներկայանալով՝ Մոհամետ Հիւսէյն Զատէ Իրանի փոխնախագահէն պաշտօնական նամակ մը յանձնեց վեհափառին. նամակին մէջ յանուն Կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան կեդրոնին ու պետութեան, հրաւէր կը տրուէր վեհափառին՝ պաշտօնական այցելութիւն տալու Իրան:
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան նիւթ դարձաւ երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի մէջ կայացած պաշտօնական երկխօսութեան չորրորդ նիստը՝ Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ:
Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով դարձեալ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ իր դրական արդիւնքը պիտի ունենայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.