ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Յուլիս 27ին կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդական Ֆլորիան Փեթըրս յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ, միջազգային օրէնքը Ատրպէյճանի ի նպաստ է:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ատրպէյճանի երիտասարդական մէկ կազմակերպութեան հաւաքի մը ընթացքին եւ շեշտած է, թէ տագնապին վերջնական լուծում մը գտնելու համար, փոխադարձ զիջումներ պէտք է կատարուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.