ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 24-25ին, աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Մարտակերտի եւ Շահումեանի շրջանները: Մարտակերտ այցելութեան ընթացքին, նախագահը այցելած է Մադաղիսի եւ Սարսանգի մէջ կառուցուող ջրա-ելեկտրակայանները՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար իրականացող աշխատանքներուն:
Հաթերք գիւղի մօտ գտնուող դաշտային ճամբարին մէջ, երկրին ղեկավարը խորհրդակցական հանդիպում ունեցած է հանրապետութեան ուժանիւթի բնագաւառի զարգացման հարցերուն վերաբերեալ: Զեկոյցներով հանդէս եկած են արտադրական ենթակառուցուածքներու վարչութեան պետ Կառլեն Պետրոսեան եւ «Արցախհէկ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Վահրամ Բեգլարեան:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է ուժանիւթի բնագաւառը՝ զայն համարելով Արցախի զարգացման ռազմավարական ուղղութիւներէն մէկը, եւ ընդգծած է այդ ոլորտէն ներս աշխատողներու պատրաստման հիմնախնդիրի նշանակութիւնը՝ իբրեւ առաջընթացի ապահովման գրաւական:
Նոյն օրը, նախագահը այցելած է ղարաբաղա-ատրպեճանական սահմանի հիւսիսային հատուածը, եւ արժէքաւոր նուէրներ յանձնած է կարգ մը սպաներու եւ զինուորներու:
Յուլիս 25ին, ԼՂՀ նախագահը այցելած է Շահումեանի շրջան եւ Քարվաճառի մէջ ծանօթացած է իրականացող շինարարական աշխատանքներուն: Այնուհետեւ գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը:
Բակօ Սահակեան նշած է, թէ անհրաժեշտ է մշակել Քարվաճառի բնակարանաշինութեան նոր ծրագիր մը, որ դրական լիցք կրնայ հաղորդել քաղաքի զարգացման: Այդ ծիրէն ներս, ան յատուկ ընդգծած է իրականացող աշխատանքներուն բարձր որակի ապահովման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ այդ աշխատանքները պիտի կատարուին իր անմիջական վերահսկողութեամբ:
Նոյն օրը երկրի ղեկավարը այցելած է Մեծ եւ Փոքր Ալ լիճերու աւազանը եւ ծանօթացած է այնտեղ նախատեսուող շարք մը ծրագիրներու նախագիծերուն:
Այնուհետեւ, Ծար գիւղին մէջ նախագահ Սահակեան հանդիպած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ապա այցելած է այնտեղ գտնուող հանրապետական տոհմային կայանը: Նախագահը նշած է, որ Շահումեանի շրջանին զարգացումը հանրապետութեան համար ունի ռազմավարական մեծ նշանակութիւն: Այս ծիրէն ներս, նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նաեւ գիւղատնտեսութեան, յատկապէս՝ անասնապահութեան զարգացումը, որուն համար շրջանը ունի հսկայական ներուժ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.