
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի տարեկան 90րդ շրջանային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Յուլիս 15-18, 2010ին, Ֆրեզնոյի «Ռատիսըն» պանդոկին մէջ:
Ընկերուհիներ Սօսի Փօլատեան, Աստղիկ Շիթիլեան, Անի Կիրակոսեան եւ Մաքօ Սեդրակեան աւարտած էին Շրջանային վարչութեան իրենց պաշտօնավարութեան 2 տարուան շրջանը:
Պատգամաւորական ժողովի աւարտին, ընկերուհիներ Գարմէն Լիպարիտեան, Նայիրի Տէրտէրեան, Քրիսթին Քէշիշեան եւ Սեդա Յակոբեան ընտրուեցան վարչութեան լրացուցիչ անդամներ:
Նոյն երեկոյեան, 2010-2011 տարեշրջանի Շրջանային վարչութիւնը իր առաջին նիստին ընտրեց իր դիւանը՝ հետեւեալ կազմով.
Ատենապետուհի՝ Արուսեակ Մելքոնեան,
Փոխատենապետուհի՝ Նայիրի Տէրտէրեան,
Ատենադպրուհի՝ Ռիթա Հինդլեան,
Գանձապահուհի՝ Քրիսթին Քէշիշեան,
Խորհրդականներ՝ Սոնա Մատարեան, Յասմիկ Գոզանեան, Վիքի Քաթարոյեան, Սեդա Յակոբեան եւ Գարմէն Լիպարիտեան: