ԱԹԷՆՔ.- Յուլիս 16ին, իր դռները կը բանայ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Խալքիտիքիի ամարանոցը: Բանակող պատանիներն ու երիտասարդները արդէն սկսած են համախմբուելու բանակավայրէն ներս, ուր զիրենք կը դիմաւորեն ՀԳ Խաչի անդամները: Այս տարի նախատեսուած է մօտաւորապէս 120 հոգիի մասնակցութիւնը, որոնց մէջ ներառնուած են 12 երիտասարդներ՝ Երեւանի քաղաքապետարանի պարի-երգի մշակոյթի միութեան անդամներ:
Խալքիտիքիի ամարանոցէն ներս իրենց կեցութեան երեք շաբթուան ընթացքին, բանակող պատանիներն ու երիտասարդները առիթը պիտի ունենան զուարճութեան պահեր անցընելու հայկական մթնոլորտի մէջ, երգի ու պարի ուսուցումով, ձեռային աշխատանքներով, ծովու լոգանքներով եւ խաղերով:
Խալքիտիքիի ամարանոցը, որ այս տարի կը տօնէ իր 20ամեակը, ազգապահպանման ու հայապահպանման Սփիւռքի մեր կարեւոր կառոյցներէն է, ուր ամէն տարի տարբեր երկիրներէ հայորդիներ, յունահայ պատանիներու ու երիտասարդներու կողքին, կը համախմբուին եւ կը «համտեսեն» Հայ Գթութեան Խաչի պարգեւած գուրգուրոտ հայկական մթնոլորտը: Խալքիտիքիի ամարանոցը հանդիպման կամուրջ է՝ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.