ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան զօրաւոր հարուած մը հասցուցած ճգնաժամի մը կրկնութեանց առաջքը առնելու, կամ առնուազն անոր հետեւանքները նուազագոյնի մէջ պահելու նպատկով, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Հինգշաբթի, Յուլիս 15ի յետմիջօրէին վաւերացուց դրամատնային համակարգը, հսկայ ընկերութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ վարկերու, բաժնետոմսերու եւ սակարաններու շուկաները բարեկարգող բանաձեւը, երկար ամիսներ տեւած քննարկումներէ ետք:
Աւելի քան 2300 էջնոց բանաձեւին նպատակն է քաղաքացիներուն համար տնտեսական աւելի ապահով միջավայր մը երաշխաւորել, սակայն այդ մէկուն իրականացումը կախեալ է մեծ մասամբ բանաձեւի պայմաններուն գործադրութենէն եւ նոր կազմուելիք մարմիններուն առնելիք քայլերէն:
Մինչ անոր ջատագովները կը պնդեն, թէ բարեկարգումները 1930ականներէն ի վեր ամենայատկանշականն են իրենց տեսակին մէջ, թերահաւատները կը շեշտեն, թէ դրամատուներուն եւ հսկայ դրամատուներուն ու ընկերութեանց միջամտութեանց, ճնշումներուն եւ ծախսած մեծ գումարներուն հետեւանքով, բանաձեւին պարտադրելիք օրէնքները հարկաւորէն աւելի մեղմացուած են՝ կասկածի տակ դնելով անոր յաջողութեան հաւանականութիւնը:
Միայն յառաջիկայ տարիները ցոյց կրնան տալ, թէ նախագահ պարաք Օպամայի կողմէ առաջ մղուած սոյն բարեկարգումները պիտի կարենա՞ն զսպել իրենց շահերը երկրի տնտեսութեան շահերէն վեր դասող ընկերութեանց ախորժակները: