Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հիլըրի Քլինթըն ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի Ծիծեռնակաբերդ իր այցելութիւնը անցնի լուռ, գրեթէ աննկատ, այնքան, որքան կարելի է այն լուսարձակներէն ու մամլոյ ուշադրութենէն հեռու պահել: Հայաստանի իշխանութիւնները, շատ հաւանաբար ընդառաջելով արտաքին գործոց նախարարին դիմումին (կամ պայմանաւորուածութեամբ) յատուկ ճիգ մը չըրին այդ այցելութիւնը անկիւնադարձային համարելու: Մտածեցին որ իրապաշտ չէ աշխարհի գերպետութեան փափաքին հակառակ երթալ, եւ, ամէն պարագայի, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար շատ աւելի ձեռնտու է այցելութեան թէկուզ եւ լուսարձակներէ հեռու իրականացումը, քան՝ կրկնումը այն մեղմ ասած անյարմար կացութեանց, որ ընդունելու ստիպուեցան երկու պետական այլ այցելութիւններու պարագային:
Ցեղասպանութեան հիմնախնդրին նկատմամբ Երեւանի այս «գործնապաշտութիւնը» յատուկ չէ այս իշխանութիւններուն: Անոնք, որոնք յիշողութեան պարբերական կորուստէ չեն տառապիր շատ հաւանաբար մտաբերեն, որ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը ինքզինքին թոյլ կու տար հայոց դէմ գործադրուած պետական ոճիրի պատմական իրողութիւնը հարցականի տակ դնել, առանց որ Հայաստանի իշխանութիւնները, այն ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարութեան տակ, իր մատուցած ծառայութեանց համար իրեն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Զուարթնոցի ճամբան ցոյց տային… Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ եթէ Քլինթընի կողմէ որեւէ պայմանաւորում թէկուզ եւ անուղղակիօրէն եղած է այս այցելութեան իրականացման ձեւին կապակցաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները ճիշդ վարուեցան առաջնահերթ համարելով այցելութեան իրականացումը:
Կը մնայ տեսնել, թէ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան այցելութեան աւարտէն ետք Ծիծեռնակաբերդի իրողութիւնը իր տեղը պիտի գտնէ՞ Ցեղասպանութեան հիմնախնդրով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ որպէս անկիւնադարձային իրադարձութիւն: Այսինքն, Հայաստանի իշխանութիւնները այդ այցելութիւնը պիտի բանաձեւե՞ն որպէս այդպիսին եւ ականջալուր ըլլա՞ն Ցեղասպանութեան հիմնահարցի գործընթացի նոր զարգացումներուն, թէ շարունակելով իրենց մեծամիտ վարքագիծը զայն պիտի օգտագործեն յատկապէս ներազգային սպառումին համար որպէս նորագոյն «փաստ» Ցեղասպանութիւնը խնդրոյ առարկայ չդարձնելու իրենց յանձնառութեան:
Հիլըրի Քլինթընի Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ազդանշան՝ Ուաշինկթընի կողմէ Ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու զոյգ խնդիրներով այս վարչակարգի քաղաքականութեան ամրագրման: Ամէնէն լաւատես տարբերակով, այցելութիւնը ուղի կը հարթէ Քոնկրեսի մէջ Ցեղասպանութեան հարցի անցկացման միեւնոյն ժամանակ զայն բաժնելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացէն:
Այցելութիւնը, սակայն, կրնայ պարզապէս ազդարարութիւն մը ըլլալ Թուրքիոյ՝ վերատեսութեան ենթարկելու Միջին Արեւելքի իր քաղաքականութիւնը, ի մասնաւորի՝ Իրանի եւ Իսրայէլի նկատմամբ իր ներկայ ընթացքին կապուած: Այս իմաստով, Ցեղասպանութեան հիմնահարցը Ուաշինկթընի համար լոկ ճնշումի խաղաքարտ է եւ ոչ թէ բարոյական սկզբունքային կեցուածք, որ բանաձեւուած էր ե՛ւ Պարաք Օպամա նախագահական թեկնածուին, ե՛ւ 2009ի Ապրիլին Անգարա այցելող նախագահ Օպամայի կողմէ (թէկուզ եւ այս վերջինին պարագային «յարմարեցուած» օրին առաջնահերթութիւն ստացած փրոթոքոլային տրամաբանութեան):
Կայ նաեւ Քլինթընի այցելութեան մեկնաբանութեան երրորդ տարբերակ մը. անիկա կը նկատուի իբրեւ միջոց հայ-թրքական գործընթացի ներկայ սթենտ-պայի (սպասման-Խմբ.) շարունակումը ապահովելու եւ այդ իմաստով խորհրդանշական պատգամներ յղելու երկու կողմերուն հետեւեալ տրամաբանութեամբ. Ուաշինկթըն կրնայ օր մը ուղի հարթել Քոնկրեսին մէջ Ցեղասպանութեան հարցի անցկացման, եթէ Հայաստան դուրս չգայ գործընթացէն, կամ՝ Ուաշինկթըն կրնայ օր մը ուղի հարթել Քոնկրեսի մէջ Ցեղասպանութեան հարցի անցկացման, եթէ Թուրքիա դուրս գայ գործընթացէն…
Ինչ որ հիմնական է, սակայն, Հայաստանի իշխանութիւններուն առնելիք քայլն է: Միջին Արեւելքի մէջ թրքական քաղաքականութեան «Նոր օսմանեան» ուղեգիծը պատեհութիւն ստեղծած է Ցեղասպանութեան հիմնահարցի գործընթացի նոր զարգացումներու: Ճիշդ է՝ կացութիւնը նուրբ է եւ կ՛ենթադրէ զգուշաւորութիւն՝ կեցուածքներու արմատական անմիջական փոփոխութեան: Բայց այդ փոփոխութիւնը տեղի պէ՛տք է ունենայ եւ անո՛ր համար է, որ ե՛ւ ներազգային, ե՛ւ միջազգային ոլորտներուն մէջ ենթահող պիտի պատրաստուի:
Կեցուածքի նման փոփոխութիւն, պարզ է, կ՛ենթադրէ բացառել փրոթոքոլային ամէն աճպարարութեան ամէն ձեւի վերադարձ, եւ Ցեղասպանութեան հիմնահարցին նկատմամբ ըլլալ անզիջող այն համոզումով, որ նման կեցուածք ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ ու մանաւանդ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար: Այսպէս, թէկուզ եւ հանգրուանային, բայց եւ այնպէս վստահօրէն ու համոզումով պէտք է անհետանայ «առանց նախապայմաններու» սկզբունքը, որով եւ Ցեղասպանութիւնը ինքնաբերաբար կը հաստատագրուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու ամէն հեռանկարի վրայ: Աւելի ճիշդ՝ կը վերանայ այն խաբկանքը, որ կարելի է «առանց նախապայմաններու» յարաբերութիւններ ունենալ Ցեղասպանութեան ժխտումի աշխոյժ քաղաքականութիւն վարող պետութեան հետ:
Առաջադրանքը կրնայ միամիտ թուիլ քաղաքական «իրապաշտութեան» դասեր տուող սոփեստներուն համար, կամ ալ իւրայատուկ՝ սփիւռքի ինքնութեան պահպանման օրակարգին: Բայց Ցեղասպանութեան հիմնախնդրին այս «սկզբունքայնացում»ը նաեւ անհրաժեշտութիւն է սկզբունքազուրկ արտաքին քաղաքականութեան մը համար, ի մասնաւորի տարածաշրջանային զարգացումներու այնպիսի ոլորտի մը մէջ, երբ Անգարայի «նոր օսմանականութիւն»ը ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին ճակատներուն վրայ թրքական ինքնութեան փոփոխութեան ազդանշան կու տայ: Ազդանշան, որ հայութեան զգաստութեան հրաւէր է: