«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Ռակըպ Զարաքօլու յայտնի անուն է Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ իր տարած աննկուն պայքարով: Ան յանուն իր սկզբունքներուն ու գաղափարներուն, մշտապէս հետապնդուած է, հալածուած ու բանտարկուած:
Այսօր, այս խիզախ թուրք մտաւորականը դարձեալ կը ներկայանայ յանդուգն հրապարակումով մը:
Զարաքօլու թրքական «Էվրենսել» թերթին մէջ (այս թերթը ձախ հակում ունի եւ տակաւին անցեալ Մայիսին, քանիերորդ անգամ ըլլալով պետութեան կողմէ փակուած ու վերաբացուած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի միջամտութեամբ) հրատարակած իր յօդուածով կ՛անդրադառնայ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Յուլիս 12ի Սերպիա այցելութեան: Էրտողան մասնակցած էր Սրեպրենիցէի մէջ 15 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին:
Զարաքօլու իր յօդուածին մէջ հարց կու տայ, որ իրեն համար հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Էրտողան Սրեպրենիցէի մէջ ի՞նչ զգաց. արդեօք պահ մը խղճի խայթ ունեցա՞ւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յիշելով։ Էրտողան ի՞նչ զգաց երբ Սերպիոյ նախագահ Թատիչ յայտնեց, թէ Սրեպրենիցէի ցեղասպանութեան ոճրագործները պիտի գտնուին ու պատժուին, եւ երբ ան ժողովուրդին անունով ներողութիւն խնդրեց ցեղասպանութեան զոհերէն։
«Մարմարա»ն, որմէ կը քաղենք այս տեղեկագրութիւնը, կը մէջբերէ Զարաքօլուի դիտողութիւնը. «Այս կերպով, Սերպիոյ նախագահը Սրեպրենիցէի ջարդերէն 15 տարի ետք, կատարեց խղճմտանքի պարտականութիւնը եւ ապահովեց, որ յառաջիկայ սերպ սերունդները փրկուին այդ պատասխանատուութենէն, մինչդեռ թուրք պետութիւնը 90 տարիէ ի վեր կը մերժէ խղճմտանքի այս պարտականութիւնը. ո՛չ միայն
ամենափոքր չափով ներողութիւն չի խնդրեր, այլ նաեւ կը յայտնէ, թէ ինք կողմնակից է որ ԱՍՄՔՔ կազմակերպութիւնը շարունակէ իր աշխատանքը։ Եւ եթէ հարցուի, թէ ի՞նչ է այս ԱՍՄՔՔ կազմակերպութիւնը, անիկա՝ «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարելու խորհուրդ»ն է։ Շատ տպաւորիչ անուն մը, ահաւասիկ։
«Մինչդեռ սերպերը, փոխանակ այսպիսի փառաւոր Խորհուրդներ ստեղծելու, նախընտրեցին թեթեւցնել իրենց ուսերուն վրայ դրուած բեռը, եւ մենք ատկէ իսկ հպարտութեան բաժին հանեցինք մեզի. ըսինք, որ մենք սերպերը տարհամոզեցինք, որ ներողութիւն խնդրեն։ Լա՛ւ, բայց ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ սերպերն ալ մեզի յանձնարարեն, որ մաքրենք մեր տան առջեւը։ Ի՞նչ պատասխան կրնայինք տալ», կը շարունակէ հարցնել Ռակըպ Զարաքօլու։
Քաղաքական կեղծիքի վարպետ դարձած Էրտողանը, վստահ ենք, որ խղճի հարց չունի, եւ այս հարցումին պատասխանելէ խուսափելու հազար ու մէկ միջոցներ ունի իր տրամադրութեան տակ: