Յայտնի թուրք վերլուծաբան, «Էքոնոմիսթ» եւ «Հապէր Թիւրք» պարբերականներու յօդուածագիր Ամպերին Զաման, որ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի փոխ-դեսպան Ժոզէֆ Փէնինկթընի կողակիցն է, իր հերթական յօդուածաշարքը հրապարակեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացի առընչութեամբ։ Զոյգ յօդուածները լոյս տեսան 6 եւ 8 Յուլիսին, «Հապէր Թիւրք» օրաթերթի մէջ եւ կը կրէին «Հայաստանի հետ մոռցուած յարաբերութիւնները» խորագիրը։ Յօդուածաշարքի մէջ Ամպերին Զաման քննութեան տակ կ՛առնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ Հայաստանի հետ մերձեցման գործընթացը վերջնական սառեցումէն փրկելու համար կոչ կ՛ուղղէ, որ թուրք իշխանութիւնները կարգ մը քայլեր առնեն։
Ամպերին Զաման, վերահաստատելով իր այն տեսակէտը, որ Անգարայի որդեգրած գործելաոճի հետեւանքով խափանուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացը եւ կեանքի չեն կոչուած ցիւրիխեան Փրոթոքոլները, կը գրէ հետեւեալը.
«Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու գործընթացին շաղկապեց ղարաբաղեան նախապայմանը, տեղի տալով Ատրպէյճանի ճնշումներուն։ Իսկ սպասել որ Հայաստան, յանուն Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն, միակողմանի զիջողութիւններ ընէ ղարաբաղեան հարցի մէջ, նոյնն է թէ սպասել, որ Թուրքիա, յանուն Եւրոմիութեան անդամակցութեան, միակողմանի զիջումներ ընէ Կիպրոսի հարցի մէջ )օրինակ Մարաշի յանձնումը, կղզիի վրայ զինուորներու թիւը պակսեցնելը, եւլն.)։
«Ըստ էութեան՝ Հայաստան այնքան ալ մեծ բան չէ կորսնցուցած Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ չունենալու պատճառով։ Սակայն եթէ սահմանները բացուին, Հայաստանի վիճակը կը փոխուի։ Երիտասարդ հանրապետութիւնը, որ չքաւորութեան ու անկայունեան տակ կքած է, բարեկեցութեան հետ միասին աւելի բարձր մակարդակի պիտի հասնի նաեւ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ։ Իսկ նմանօրինակ պայմաննրեու մէջ երկրի ուշադրութեան կեդրոնի մէջ պիտի յայտնուին նաեւ անոր իրական շահերը։ Բացի ատկէ, կարելի պիտի ըլլայ աւելի դիւրութեամբ բացատրել Ղարաբաղին յարակից տարածքներէն ետ քաշուելու որոշումը։
«Խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ պէտք չէ ակնկալել որ Փրոթոքոլները յայտնուին Անգարայի օրակարգի վրայ։ Բացի ատկէ, Անգարա բազմիցս յայտարարած է, որ քանի դեռ հայկական ուժերը դուրս չեն եկած Ղարաբաղէն ու անոր յարակից տարածքներէն, Փրոթոքոլները չեն կրնար վաւերացուիլ խորհրդարանին մէջ։ Այլ կերպով, եթէ մէկդի թողունք հասարակական ոլորտի մէջ իրականացած կարեւոր ջանքերը, կրնանք ըսել՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու գործընթացը պաշտօնական մակարդակի վրայ փաստօրէն սառեցուած է։ Իսկ տեղական մամուլի մէջ ատեն առ ատեն շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը այն մասին թէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ կ՛ընթանան, իրականութեան չի համապատասխաներ»։
Յետոյ վերլուծաբանը ներկայացնելով այն հաւանական գինը, զոր Թուրքիա պիտի վճարէ այս ամէնուն համար, կը գրէ.
«Առաջին, կրնայ էապէս մեծնալ Ամերիկայի Քոնկրեսի կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան» բանաձեւի վաւերացման հաւանականութիւնը։ Ըստ էութեան, Թուրքիոյ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու ցանկութեան պատճառներէն մէկն ալ այդ բանաձեւը պատմութեան էջերու մէջ թաղելն է, քանի որ այն մտավախութիւնը կայ, որ եթէ բանաձեւը ընդունուի, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կրնան մեծապէս վնասուիլ ատկէ։ Բացի ատկէ, կարգ մը թուրք դիւանագէտներու կարծիքով, եթէ բանաձեւը ընդունուի, օրակարգի վրայ պիտի յայտնուի նաեւ սփիւռքահայութեան՝ 1915էն առաջ կատարած ապահովագրութեան գումարները փոխհատուցելու հարցը։
«Միլիառաւոր տոլարներու կը հասնի այդ գումարը եւ Թուրքիա պիտի ստիպուի ստանձնել այդ փոխհատուցումը։
«Նախ եթէ մենք պիտի փորձենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատել այդ գործընթացը կասեցնելու նպատակով եւ եթէ պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով մը պիտի կազմենք՝ փորձելով հայերուն ապացուցանել որ «ցեղասպանութիւն չէ եղած», ապա այդ նախաձեռնութիւնը մեռելածին է։ Ցեղասպանութիւնը հայերու համար սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ։ Որքան ալ որ մենք յանձնաժողովներ հիմնենք, որքան ալ հակառակը ապացուցանող հրապարակումներ պատուիրենք, այնուհանդերձ՝ ատիկա այդպէս է» կը գրէ Ամպերին Զաման։
«Երկրորդ՝ երբ Ամերիկայի քաղաքացիներ հանդիսացող հայեր թեկնածուներուն քուէ տալու համար անոնց առջեւ կը դնեն ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջ մը, ինչպէ՞ս այդ ամէնը կ՛ազդէ մեր վրայ։ Այո, այդ ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւնը Հայաստանի կամ Թուրքիոյ տեղն իսկ չի գիտեր։ Յանուն քուէներու, պատմութեան մասին դատողութիւններ կը կատարուին։ Նողկալի է։ Սակայն այդ բանաձեւը պարտաւորեցնող որեւէ ուժ չունի։ Թուրքիոյ նախկին արտաքին նախարարներէն Իլթէր Թիւրքմէն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր. Իրականութեան մէջ բանաձեւը ընդունուած է, սակայն մենք չենք զգացեր ատիկա։
«1984ին Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան մէջ որոշում մը ընդունուած էր։ Այսինքն՝ այն ամէնը, ինչ որ այսօր կ՛ըսուի ներկայացուած բանաձեւին մէջ, կ՛ըսուէր 1984ի որոշման մէջ։ Ատոր մէջ հայերու հետ կապուած դէպքերը կ՛որակուէին որպէս «ժէնոսիթ»։ Այդ ատեն մենք ոչի՛նչ զգացինք։ Իսկ եթէ այսօր ընդունուի, ի՞նչ պիտի պատահի։ Այդ ամէնը լիովին կախեալ է իշխանութիւններու ու մամուլի որդեգրելիք գործելաոճէն։ Այդ ամէնը չշատաբանելու կարելիութիւն մը կայ մեր ձեռքերուն մէջ։ Մենք ի վերջոյ պէտք է ազատինք ամէն տարի կրկնուած այդ շանթաժէն։ Ներկայացնելով քանի մը հաւանական տարբերակներ, զորս կիրարկելու պարագային Անգարա պիտի կարենայ վերջնական սառեցումէն փրկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու գործընթացը։
«Տարածքաշրջանի մէջ կը մեծնայ անկայունութիւնն ու պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը։ Այսինքն՝ որքան ալ որ առաջնորդները պնդեն, «սթաթիւս քուօ»ն (ներկայ իրավիճակը-Խմբ.) կ՛աշխատի ի վնաս Ատրպէյճանի։ Անգարա որ կը յայտարարէ թէ ընտրութիւններու նախաշեմին Փրոթոքոլները չեն կրնար վաւերացուիլ խորհրդարանէն ներս, ի՞նչ քայլեր կրնայ առնել։ Խնդրեմ, կարգ մը քայլեր, որոնք կրնան նպաստել վստահութեան աճին.
* Հայաստանէն ելեկտրական ուժանիւթ գնել։ Այս համաձայնագիրը կեանքի չի կոչուիր Թուրքիոյ պատճառով,
* Բանալ Կարս-Գիւմրի երկաթուղին։
* Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրաւիրել Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագի արարողութեան եւ անոր առջեւ բանալ սահմանադուռը։
* Երկու երկիրներու մէջ ալ առեւտրական գրասենեակներ բանալ։
* Յստակացնել վիզայի դրութիւնը Անիի աւերակներ ու շրջակայ վայրեր այցելող զբօսաշրջիկներու համար։
Իսկ այս ամէնի փոխարէն ի՞նչ կրնայ ընել Հայաստան։
* Ղարապաղեան հարցի լուծման պարագային ամենաբարձր մակարդակով դարձեալ պիտի յայտարարուի Ղարաբաղէն ու շրջակայ վայրերէն դուրս ելլելու մասին։
* Նոյն կերպով պիտի յայտարարուի Թուրքիոյ հետ առկայ սահմանները ճանչնալու մասին։
* Կրնայ բացուիլ Թուրքիան Նախիջեւանի տարածքով Ատրպէյճանին կապող երկաթուղին»։
«Մարմարա»