
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ 9 Յուլիս 2010ի գիշեր Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին: Այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին ցաւակցութիւն յայտնել էր իր հօրը մահուան առիթով: Սակայն, յիշեալ հանդիպումը առիթ մը եղաւ որ վեհափառ հայրապետին ու վարչապետին միջեւ քննարկուին Լիբանանի ու ընդհանրապէս շրջանի առնչուած հարցեր: Վարչապետը վեհափառ հայրապետին բացատրեց ներկայ կառավարութեան նաեւ իր մօտեցումները՝ Լիբանանը յուզող կարգ մը հարցերու գծով, շեշտելով երկրէն ներս կայութիւն հաստատելու ու տնտեսական զարգացման ոյժ տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունեց արտաքին աշխարհին մէջ վարչապետին յաճախակի այցելութիւնները ու հանդիպումները, որոնք մեծապէս կը նպաստեն Լիբանանի կարեւորութիւնը վերաշեշտելու՝ միջազգային համայնքէն ներս: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: