ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ Զորեքշաբթի օր պաշտօնապէս ջնջեց 31 Մայիսին Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ իսրայէլեան յարձակումին հարցով ծրագրուած քննարկում մը։
Մալեզիա Յունիսին այդ հարցը քննարկելու խնդրագիր մը ներկայացուցած էր։ Մալեզիայի խնդրագիրին զօրակցած են միայն Սուրիան եւ Իրանը։
ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի նախագահ Ալի Ապտուսալամ Թրեքի վերջերս նամակ մը յղած է ՄԱԿի անդամ երկիրներուն՝ յայտնելով, որ նիստը պիտի չգումարուի։
Ըստ «Հաարեց»ին, նիստը ջնջելու որոշումը անսպասելի չէր, որովհետեւ վերջերս արաբ երկիրներու միջեւ կատարուած քննարկում մը ի յայտ բերած է, թէ այդ նիստին շահաւէտութեան վերաբերեալ տարակարծութիւններ կան, եւ կարգ մը երկիրներ անոր հանդէպ վերապահութիւններ ունին։ Նաեւ Միացեալ Նահանգներ եւ արեւմտեան այլ երկիրներ դէմ էին այդ հարցով նիստ մը գումարելու գաղափարին։
Թրեքի իր նամակին մէջ ըսած է. «Անդամ երկիրներու հետ խորհրդակցելէ ետք որոշեցի նախապէս 8 Յուլիս 2010ին նախատեսուած Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան վերաբերեալ Ընդհանուր ժողովի թեմաթիք քննարկում մը չկայացնել։ Պիտի շարունակեմ այս հարցով անդամ երկիրներու հետ խորհրդակցիլ եւ ձեզ տեղեակ պիտի պահեմ յաւելեալ զարգացումներու մասին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.