ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու թրքական «Թի.Ճի.Ար.Թի.» հեռատեսիլի կայանի թղթակիցին յայտնած է, որ Թուրքիա պաշտօնապէս բողոք յղած է Ուաշինկթընին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Ծիծեռնակաբերդ կատարած անձնական այցելութեան կապակցութեամբ:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը գրած էր, որ Թուրքիան որոշած է նախարար Հիլըրի Քլինթընի Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան հարցով՝ պաշտօնապէս չհակազդել Ուաշինկթընի։
Բարձրաստիճան թուրք դիւանագէտ մը օրաթերթին յայտնած է, որ «Եթէ մենք հակազդեցութիւն ցոյց տայինք Քլինթընի այցելութեան առնչութեամբ, ատիկա աւելի պիտի բխէր հայկական կողմի շահերէն։ Մենք պէտք չէ շարժինք այնպէս, ինչպէս անոնք կ՛ուզեն»։ Ան ընդգծած է, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացումը կը բխի հայկական լոպիի շահերէն։
Քլինթընի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող այցելութեան անդրադարձած են նաեւ Թուրքիոյ իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պատգամաւորները։
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Մեհմետ Ճէյլան յայտարարած է, որ Քլինթընի Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը զիրենք վշտացուցած է։
«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութեան գործընթացը առկախուած է։ Բնականաբար, կը սպասենք զարգացումներու, որոնք պիտի նպաստեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Նաեւ կ՛ակնկալենք, որ մեր դաշնակիցները ձեռնպահ մնան գործընթացը վնասելու գործելաոճերէն։ Իսկ այդ ծիրին մէջ Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը անկասկած չենք ողջուներ։ Այդ այցելութիւնը մեզ կը վշտացնէ», յայտարարած է ան։
Իսկ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխան Տենիզ Պիւյիւքպաշը, Քլինթընի Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան համար մեղաւոր կը համարէ թրքական իշխանութիւններուն որդեգրած սխալ քաղաքականութիւնը։
«Քլինթընի այցելութիւնը վկայութիւնն է այն բանին, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութիւնը ձախողած է», յայտարարած է ան։
Իսկ ընդդիմադիր
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.