Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն մէկ ամսուան ընթացքին Ատրպէյճան այցելող երկրորդ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարն է։
Վերջերս Ատրպէյճան այցելած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց՝ «իր հետ բերելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի նամակը Իլհամ Ալիեւին»։
Օրաթերթը կը նշէ, որ Քլինթընի համար այս ճամբորդութիւնը դիւանագիտական հաւասարակշռման գործողութիւն էր, որուն նպատակն էր յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այդ երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման։ «Սակայն Ատրպէյճանը 17 տարի շարունակ ղեկավարուած է հայր եւ որդի զոյքին կողմէ եւ այնտեղ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկոյցին համաձայն, մարդու իրաւունքներու հարցը շատ տխուր վիճակի մէջ է», կը նշէ օրաթերթը։
«Ուաշինկթըն Փոսթ» կ՛աւելցնէ, որ ատրպեճանական կառավարական շրջանակներէն պաշտօնեաները բազմաթիւ անգամ մտահոգութիւն յայտնած են, որ իրենք արհամարհուած են Օպամայի վարչակազմին կողմէ։ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան չկայ՝ արդէն մէկ տարիէ աւելի, եւ այդ երկրին նախագահ Ալիեւը չհրաւիրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին, «մինչդեռ անոր թշնամի Հայաստանը հրաւիրուած էր», կը նշէ թերթը:
Ըստ օրաթերթին, Քլինթըն Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին շատ նրբանկատ կերպով խօսած է նաեւ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան խնդիրներու մասին, յոյս յայտնելով, որ այդ հարցին մէջ յառաջընթաց կը տեսնէ։
«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը մատնանշէ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ նախապէս կայացած ընտրութիւնները, զորս օտար կառավարութիւններն ու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները բազմաթիւ անգամ քննադատած են։ «Նախորդ տարի տեղի ունեցած հանրաքուէներով ալ Ալիեւի պաշտօնավարումը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի նախագահ, դարձաւ անսահմանափակ», նկատել կու տայ ամերիկեան օրաթերթը։
Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, թէ Ալիեւ-Քլինթըն հանդիպման միւս գլխաւոր նիւթը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, եւ կը յիշեցնէ, որ վերջերս սահմանային միջադէպի հետեւանքով, չորս հայ եւ մէկ ատրպէյճանցի զինուոր մահացած է, ապա կ՛աւելցնէ, թէ Քլինթըն կողմերու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կոչ ուղղած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.