ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ, Յուլիս 2ին սկսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական համաժողովին կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելից. արդարութեան հաստատման սահմանագիծ» խորագիրով միջազգային համաժողովին աշխատանքները:
Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու յաղթահարման հարցերուն մէջ բեկումնային փոփոխութիւններ կատարելու ակնկալիքով, համաժողովի մասնակիցները առաջարկեցին մշակել համապարփակ ծրագիր, որ կը նախանշէ Հայ Դատի եւ Հայոց պահանջատիրութեան վերաբերեալ համայն հայութեան միասնական դիրքորոշումը, զայն բոլոր պետութիւններուն հասցնելու միջոցներն ու ձեւերը, նաեւ կը ներկայացնէ միասնական համակարգուած գործողութիւններ՝ Հայաստանի, Սփիւռքի, եւ այլ պետութիւններու մէջ:
Ծրագրի մշակման եւ համակարգման նպատակով, Հայաստանի նախագահը առաջարկած է իր գլխաւորութեամբ ստեղծել պետական յանձնաժողով մը, նաեւ յանձնաժողովին կից ստեղծել միջազգային-իրաւական, տեղեկատուական-քարոզչական, վերլուծական, գիտական, կրթական, լուսաւորչական, լոպիիստական գործունէութիւն իրականացնող խորհուրդ, իսկ ծրագիրին իրագործումը ապահովելու համար ձեւաւորել հիմնադրամ մը, որ իր միջոցները պիտի ապահովէ հայկական կառոյցներու եւ անհատներու նուիրատուութիւններէն:
«Հաշուի առնելով, որ ժամանակակից Թուրքիան շարունակում է վարել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտողական քաղաքականութիւնը, մենք պարտադրուած ենք ուսումնասիրել եւ գտնել այն ճանապարհը, միջոցը, որի շնորհիւ կարող ենք միջազգային դատական ատեանի վճռով քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկել թուրքական պետութեանը: Դա նշանակում է, որ մեզ անհրաժեշտ է գիտական, իրաւական, քաղաքական պատշաճ մակարդակով ուսումասիրել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարմանն ուղղուած՝ համապատասխան հայցով միջազգային դատական ատեաններին միակողմանի դիմելու հնարաւորութիւնը», իր ելոյթին մէջ նշեց Համաշխարհային հայկական համաժողովի նախագահ Արա Աբրահամեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, իր կարգին յայտնեց, որ թէեւ այս տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած են բազմաթիւ համաժողովներ, կլոր սեղաններ եւ քննարկումներ, բայց այս մէկը կը տարբերի, որովհետեւ այսօր հարցին կը մօտենան նոր տեսանկիւնէ, եւ ոճրագործը պէտք է հասկնայ եւ ընդունի, որ 21րդ դարու հայը այլեւս 20րդ դարու հայը չէ: Սփիւռքի նախարարը մեր վերջին եւ կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն համարեց նաեւ այն փաստը, որ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հետեւանքներուն վերացումը դարձած է պետական քաղաքական կարեւորագոյն անկիւնաքարերէն մէկը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր անհանգստութիւնը յայտնեց մարտավարական եւ ռազմավարական որոշ հինցած ուղղութիւններու եւ քայլերու ուղղութեամբ, յայտնելով, որ ժամանակն է նոր հռետորութեամբ, նոր ձեւով ներկայացնելու մեր խնդիրը միջազգային հանրութեան:
Համաժողովին ներկայ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ժողովէն ետք յայտնեց, որ արդէն իսկ անհրաժեշտ է շատ արագ սկսիլ հայոց իրաւունքներու բարձրացման եւ հատուցման հարցին մասին ուսումնասիրութիւն-եզրակացութիւն, որուն պէտք է յաջորդեն անհրաժեշտ համապատասխան քայլերը: Թէեւ այդ ուղղութեամբ ՀՅԴ համապատասխան քայլերու արդէն իսկ ձեռնարկած է, բայց, ըստ իրեն, ատիկա բաւարար չէ, քանի որ իսկապէս անհրաժեշտ է համահայկական մօտեցում:
«Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն ինքնին առաջնահերթ չէ, փաստը ճանաչելու խնդիր չկայ, պարզապէս անհրաժեշտ է, որ ճանաչման գործընթացն ուղղակիօրէն նպաստի հատուցման խնդրին», նշեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.