ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
1967ին էր։
Այդ առաւօտ, քիչ մը ուշացած իջայ տունէն վար՝ գործի երթալու համար։ Բայց, սովորականին պէս, մտայ խանութպան Հաննային քով՝ քիչ մը ասդիէն անդիէն խօսելու։ Այդ տեղէն ելայ մտայ քանի մը քայլ անդին գտնուող Ռաֆֆիին դեղարանը,բարեկամիս՝ Սմբատին բարեւ մը տալու, որպիսութիւնը հարցնելու։ Բայց Սմբատ խօսքը բերնիս մէջ ձգեց.
– Եղբայր, այս ո՞ւր մնացիք, դեղարանին սուրիացի գործակատարն ալ դեռ չէ եկած։ Երկուքիդ ալ տուգանք պիտի գրեմ։
Գեղեցիկ կատակ մըն էր, լաւ մը խնդացինք։ Ու քալեցի։ Ճամբուս վրայ չմոռցայ տէօքթորին հետ քանի մը խօսք ընել ՀՄԸՄի ֆութպոլին շուրջ։
Այդ օր հազիւ Մատոնա փողոցը շրջած էի, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց, որ 10-12 հոգի կեցած էին խանութիս առջեւ,մայթին վրայ, սպասողական վիճակով։
Հետաքրքրական էր։ Քայլերս արագացուցի։ Միջոցը մեծ չէր։ Կամաց կամաց սկսայ բոլոր կեցողները իրարմէ զանազանել։ Երկու սեռէ բաղկացած քանի մը խմբակներ էին։ Գրեթէ բոլորն ալ ծանօթ։ Ուրախ, ուրախ բարեւեցի բոլորը ու հարցուցի՝
– Տիկին Պայծառ, բարի ըլլայ, ինչ կայ, ինչ պատահած է։ Ինչո՞ւ բոլորիդ ալ դէմքերը ծուռ ու տխուր են։
Տիկին Պայծառին պատասխանը չուշացաւ.
– Պրն. Ս., այո, մեր դէմքերը ծուռ ու տխուր են։ Բայց առանց պատճառի չէ։ Այսօր, Լիբանանի ոստիկանութիւնը բոլորիս ալ հարազատները բռնած եւ բանտ տարած են։ Ուստի, մենք՝ բոլորս ալ եկած ենք ձեզմէ խորհուրդ մը առնելու։ Մեր ցաւին, մեր մտահոգութեան դարման մը գտնելու։ Կեցաւ։ Շրջապատեցին զիս։ Բոլորն ալ ըսելիք ունէին։ Սուրիահայ միութեան ատենապետն էի…
Թէեւ ինծի համար իրենց ցաւը, մտահոգութիւնը նորութիւն չէր: Թէեւ քանի, քանի անգամ լսած, խօսած ենք այդ մտահոգութեան շուրջ։ Նոյն ցաւին համար քանի քանի մարմիններու դիմած ենք, դարման մը գտնելու յոյսով։
Բայց այդ առաւօտ ուրիշ էր։ Այդ առաւօտ բոլորին ալ հարազատները բռնած ու բանտ տարած էին։ Մէկուն զաւակը, միւսին ամուսինը, մէկ ուրիշին՝ հայրը, եղբայրը առած տարած էին բանտ՝ առանց հարց ու փորձի,առանց կառավարական հրամանագրի։
Վերջապէս, մէկը աւելի լուսաբանեց հարցը։
– Եղբայր,այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանութիւնը փակած է Մանթիքա Սանաիէի (ճարտարարուեստական գործարաններու-Խմբ.) թաղամասին, երկու մուտքերը եւ բոլոր անոնք, որոնք կու գային Մանթիքա Սանաիյէ մտնելու համար, ոստիկանութիւնը անմիջապէս կը կեցնէր զանոնք եւ ենթականերէն կը պահանջէր իրենց ինքնաթուղթերը։
– Հաթ հաուայթաք (Տուր ինքնաթուղթդ)։
Ուստի, բոլոր անոնք, որոնք սուրիահայ էին եւ Լիբանան կեցութեան արտօնագիր չունէին՝ ոստիկանութիւնը զանոնք կը դնէր ինքնաշարժներու մէջ եւ կը տանէին բանտ։
Կ՛ըսուէր թէ, այդ առաւօտ ոստիկանութիւնը բանտ ուղարկած էր քանի մը տասնեակ հայ մարդ։ Բայց իմ ենթադրութեամբ թիւը, շատ աւելի մեծ էր։ Մօտաւորապէս այս էր ցաւալի պատահածը։
Բայց կարծեմ, այստեղ հարկ է պզտիկ բացատրութիւն մը տալ, Սուրիոյ այդ օրերու քաղաքական կացութեան շուրջ։ 1952էն մինչեւ 1967 թուականը Սուրիան դարձած էր յեղաշրջումներու թատերաբեմ, որուն հետեւանքով երկրին ներքին կեանքը հանգիստ չէր։ Նաեւ, ասոր առընթեր, երբեմն կը խօսուէր թրքական սահմանին վրայ կատարուող զինուորական տեղաշարժերու, որոնք իբրեւ թէ ուղղուած էին Սուրիոյ դէմ։ Ուստի, Սուրիոյ հիւսիսային սահմանի երկայնքին գտնուող գիւղերու եւ աւաններու բնակիչները, ակամայ կը գաղթէին դէպի մեծ քաղաքներ։ Բնական է որ, Հայ ժողովուրդին զաւակներն ալ ենթակայ ըլլային այդ տեղափոխութիւններուն,որոնք առաւելաբար կ՛ուղղուէին դէպի Պէյրութ, դէպի աւելի հեռուները։ Թէեւ քիւրտ ժողովուրդին դէպի Սուրիոյ Հիւսիսը հոսքէն ետք, այդ շրջանները Հայ ժողովուրդին համար դարձան անբնակելի վայրեր։ Իսկ 1961էն ետք, Հայ բնակչութեան տարագրութիւնը աւելի թափ առաւ։
Այս էր Սուրիոյ այդ օրերու մօտաւոր կացութիւնը։ Կարծեմ հայութիւնը մեծապէս տուժեց այդ գաղթերէն, որոնք առաւելաբար ուղղուած էին դեպի Լիբանան։
Վերջապէս, այդ օր, բանտարկեալներուն հարազատներէն խնդ-րեցինք, որ կարգադրութիւն մը չընեն եւ սպասեն Սուրիահայ վարչութեան ունենալիք տեսակցութիւններու արդիւնքին։
Այդ օր Սուրիահայ միութեան վարչութիւնը ոտքի վրայ հանդիպում մը ունենալէ ետք, եկաւ այն եզրակացութեան, որ պէտք էր, բանտարկեալներուն հարցի մասին անմիջապէս տեղեկացնել Նորին Սրբութիւն Խորէն Ա. Վեհափառին։
Ուստի նոյն օրը երեք հոգիով գացինք Անթիլիաս, ներկայացանք Վեհափառին եւ սուրիահայ բանտարկեալներուն հարցը ներկայացուցինք իր բոլոր կողմերով։
Նաեւ, ծանրացանք այն կարեւոր կէտին վրայ թէ՝ ինչո՞ւ սուրիացի իսլամին, քիւրտին, մթուելլիին բան մը ըսող չկար։ Մինչ Լիբանանի մէջ անոնց թիւը կը հասնէր աւելի քան եօթ հարիւր հազարի։ Մինչ Սուրիահայերուն, հակառակ իրենց փոքր համրանքին, բանտ կ՛առաջնորդէին եւ կը փորձէին մեծ տուգանքներու ենթարկել։
– Վեհափառ Տէր, այս բոլոր տուեալները մեզ կը տանին այն համոզման, որ, հակառակ մեր քանիցս ըրած դիմումներուն Լիբանանի կառավարութեան՝ մեր սուրիահայ եղբայրներուն Լիբանանի մէջ կեցութեան համար, պէտք եղած աշխատանքը այդ ուղղութեամբ չէ տարուած։ Այլապէս կառավարութեան պաշտօնէութեան մօտ ինչո՞ւ պիտի ըլլար այս զատողութիւնը, այս անտեսումը։ Ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը այսքան հոգ ու այսքան տառապանք պիտի քաշէր։ Կարծես,Հայ ժողովուրդը տէր տիրական չունի~:
Լռեց Սուրիահայ Միութեան ատենապետը։ Բայց դէմքը խռով էր, հոգին փոթորկած՝ սուրիահայ բանտարկեալներու հարցով։ Ուստի պոռթկաց,
– Վեհափառ Տէր, Ձեր խաչերուն, Ձեր վարդապետներուն, Ձեր եկեղեցիներուն, պէտք չունինք…
Բայց պատահեցաւ որ նոյն պահուն,վարչութեան անդամ Սարգիս Տանայեան սկսաւ քաշել վարչութեան ատենապետին քղանցքը։ Թերեւս զայն խոհեմութեան հրաւիրելու համար։ Մինչ նոյն պահուն Վեհափառին ուշադրութենէն չէր վրիպած Սագիսին արարքը եւ Վեհափառը մեղմ հաճելի ոճով մը թելադրեց՝
– Սարգիս, ձգէ թող խօսի, թող սիրտը պարպէ, թող հանդարտի։Ես կը ճանչնամ մարդս։
Նորէն լռութիւն տիրեց։ Բայց ես, առիթէն օգտուելով, կրկնեցի խօսքս՝ թեթեւ փոփոխութիւն մը աւելցնելով վրան։
– Վեհափառ, պէտք չունինք Ձեր խաչերուն, Ձեր վարդապետներուն, Ձեր եկեղեցիներուն, եթէ անոնք պիտի չծառայեն Հայ ժողովուրդին ցաւը, հոգը թեթեւցնելու։
Ու կեցայ։ Բայց Վեհափառը թեթեւօրէն ժպտաց ու յարեց,
– Տղաք, բոլորս ալ զգացուած ենք պատահած ծանր դէպքէն։ Նաեւ, բոլորս ալ պիտի ջանանք՝ առաջքը առնելու նման դէպքերու։ Նաեւ, բոլորս ալ, եկեղեցական թէ աշխարհական, պէտք է տէր ու տիրական ըլլանք մեր ժողովուրդին զաւակներուն, մեր եկեղեցիին։ Ու մասնաւորաբար, պէտք է գիտակցինք մեր կոչումին, մեր պարտականութեան։
Կեցուց խօսքը։
Շեշտուած էր Վեհափառին վերջին նախադասութիւնը։ Բայց Վեհափառին խօսքը այնքան սրտիս խօսեցաւ, այնքան զգացուեցայ, որ այդ պահուն ես որքան կը ցանկայի Վեհափառին աջը առնել ու շրթներուս տանիլ։ Հոգիով Մեծ էր Խորէն Վեհափառը։ Հայ ժողովուրդին սիրտն էր, Հայ ժողովուրդին զգացումներն էին, որ կը տրոփէին Անոր սրտին մէջ։
Կը յիշեմ, օր մը նորէն Վեհափառին քովն էի ու խօսք կը դառնար աղքատ ուսանողներու մասին։ Յանկարծ կարծես Վեհափառը մոռցաւ պահը, մոռցաւ խօսքը, ու գլուխը հանդարտ հանդարտ օրօրելով խօսեցաւ.
– Տղաք, ես ալ աղքատի զաւակ եմ։ Ես ալ ապրած եմ աղքատութեան հոգն ու ցաւը…
Այդ՝ անցեալին էր։
Իսկ հիմա, ահա ես կը տեսնեմ խռով է Վեհափառին դէմքը։Աջ ձեռքը անշարժ կեցած է թէլթէլ ճերմկած մօրուքին վրայ ու Վեհափառը կը խոկայ Բայց ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով կը խոկայ։ Ընչաքաղց չէր այս Վեհափառը։ Դրամ չդիզեց։ Բայց ես վստահ եմ, որ սա պահուն Ան, որպէս հայրը Հայ ժողովուրդին «կը խոկայ, թէ ինչպէ՞ս ընէ, որո՞ւ դիմէ, որպէսզի կարենայ օգնել օգնութեան կարօտ իր թափառական զաւակներուն։ Բայց յանկարծ կարծես լոյս մը ծագեցաւ Վեհափառին հոգիին մէջ ու Ան ձեռքը վերցուց մօրուքին վրայէն։ Ձեռքը երկարեց մեր ուղղութեամբ ու յաղթական զօրավարի մը պէս, գոչեց.
– Տղաք, զիս լաւ մտիկ ըրէք։ Հիմա այստեղէն կ՛ելլէք եւ ուղիղ կ՛երթաք Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան, պատրիարք հօր կը կրկնէք այն խօսքը որ հոս ըսիք։ Իսկ այդ տեղէն կ՛ելլէք եւ կ՛երթաք Հայ Բողոքական վերապատուելիին քով։ Հոն ալ կը կրկնէք նոյն խօսքը։ Իսկ վաղը այս ժամուն հոս կ՛ըլլաք։ Բայց սխալ քայլ մը չառնէք, խոհեմ եղէք։
Զգացի,որ վեհափառին վերջին խօսքը ինծի ուղղուած էր։ Բայց մենք ուր որ գացինք, բառ առ բառ կատարեցինք վեհափառին թելադրանքը, եւ երբ պատրիարք հօր պատմեցինք հարցը եւ ժողովուրդին խռովքն ու մտահոգութիւնը, ան շատ զգացուեցաւ ու պահ մը մտածելէ ետք թելադրեց հայր Կռանեանին, որ երեսփոխան եւ նախարար Ժոզեֆ Չատերը հրաւիրէ հեռաձայնին մօտ՝ հետը խօսելու։ Ու մենք բառացիօրէն լսեցինք այն, ինչ որ պատրիարք Իքնատիոս Պաթանեան թելադրեց երեսփոխան եւ նախարար պարոն Ժոզեֆ Չատերին.
– Յարգելի պարոն նախարար Ժոզեֆ Չատեր, կը խնդրեմ, որ Լիբանանի Աշխատանքի նախարարին հասկցնէք որ, թող անարդարօրէն չցաւցնէ Հայութեան զաւակները։ Այլապէս, հայութիւնը գիտէ իր զաւակները պաշտպանելու ձեւը։
Այս պաշտօնական խօսքերը, մեծապէս գգուեցին մեր ազգային եսը, մեր հպարտանքը։ Մինչ յաջորդ օր, երբ վեհափառին տուած ժամադրութեան կ՛երթայինք, հայ բանտարկեալները արդէն ազատ արձակուած էին, Լիբանանի նախագահ Շարլ Հըլուի հրամանագրով։ Մինչ Պուրճ Համուտ եւ շրջակայքը կը յայտարարուէին աշխատանքի ազատ գօտիներ։
Խորէն վեհափառ, խիզախօրէն պահանջած էր իր զաւակներուն իրաւունքը…
«Ինչո՞ւ այս եւ ոչ այդ…»։
Ուրախ էր Նորին Սրբութիւն Խորէն Վեհափառը վեհարանի մուտքին կեցած։
Մինչ, տոքթ. Ատուր Գապաքեան՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ժպիտը շրթներուն, նայուածքը մեզի յառած, վեհարանի աստիճաններէն վեր կը բարձրանար…։