
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կանանց պասքեթպոլի հաւաքականը Երեւանի մէջ տեղ ունեցող կանանց պասքեթպոլի Եւրոպայի «Սի» խումբի մրցումներուն, երէկ 71:47 արդիւնքով յաղթեց Անտորրայի խումբին: Տանելով երեք անընդմէջ յաղթանակ՝ Հայաստանի խումբը գրաւեց առաջին տեղը մրցաշարի «Ա» ենթախումբին մէջ, եւ կիսաեզրափակիչ մրցումներուն պիտի խաղայ ընդդէմ Սքոթլանտի հաւաքականին:
Յաղթանակի պարագային, Հայաստանի հաւաքականը, անկախ եզրափակիչ մրցամարտի արդիւնքէն, յաջորդ տարի պիտի մասնակցի Եւրոպայի 2րդ խումբի առաջնութեան մրցումներուն: