ՊՈԼԻՍ.- Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, Թուրքիոյ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան փոխնախագահ Սերտար Սաւաշ յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութեան պատճառով, Թուրքիան «պարտութիւն կրեց» Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Ան անդրադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան՝ զայն ընդհանուր առմամբ որակելով պարտուողական։ Մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները՝ Սաւաշ յայտնած է, որ միակ բանը, որ Թուրքիան ստացաւ այդ գործընթացէն, միջազգային ասպարէզի մէջ «իր խոստումին հաւատարիմ չմնացող երկիր» ըլլալու պիտակն էր: Անդրադառնալով թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող լարուածութեան՝ Սաւաշ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը մեղադրած է Իսրայէլի դէմ համապատասխան քայլեր իրականացնել չկարողանալուն համար։ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մինչեւ իսկ չկրցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իսրայէլը յստակօրէն քննադատող բանաձեւ մը ընդունիլ տալ», յայտնած է Սաւաշ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.