Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ անդրադարձանք շփացած երեխաներու հարցին։ Ամէն մարդ կը փափաքի կատարեալ, օրինաւոր ու կարգապահ երեխաներ ունենալ։ Զաւակ դաստիարակելու աշխատանքը բաւական ծանր է, իսկ արդիւնքը շատ ուշ կրնայ հասնիլ, բայց երբեք չի կորսուիր։ Ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ զաւակներուս եւ անոնց դաստիարակութեան մասին, կ՛ըսեմ ես ինծի եւ երբեմն բարձրաձայն… «Բնութեան մէջ մէկ կաթիլ ջուրն անգամ չի կորսուիր, ուր մնաց՝ երկար տարիներու ծնողական անշահախնդիր ու անսահման սէր, գուրգուրանք ու խնամք»։ Մարդկային առումով, կրնանք ունենալ պահեր, երբ կը տկարանանք եւ կը թուլանանք դժուար կացութիւններու առաջ, սակայն այդ բոլորը յաղթահարելու համար, բաւարար է յիշենք ուշ ծաղկած կամ շատ երկար տարիներ ետք պտղաբերած ծառերը։ Բնութիւնը թող ըլլայ մեր ամէնէն ազդու եւ արդար ուսուցիչը:
ԾՆՈՒՆԴԷՆ ՄԻՆՉԵՒ
ՄԷԿ ՏԱՐԵԿԱՆ
Այս տարիքին մի վախնաք անոնց շփանալէն, որովհետեւ այսքան փոքր տարիքին անոնք չեն կրնար կարգ մը պարագաներ շփացածութեան հասցնել ու իրենց ուզածին տիրանալ: Այս տարիքին կու լան պարզապէս իրենց կարիքներուն գոհացում տալու համար կամ զգացականօրէն աւելի ապահով կը զգան անոնք երբ ձեր գիրկն են, ուրեմն պիտի լան, որպէսզի ձեր ուշադրութիւնը գրաւեն ու դուք գրկէք զիրենք:
ՄԷԿԷՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԵԿԱՆ
Այս տարիքը համեմատաբար աւելի դժուար է, որովհետեւ ձեր երեխան ունի զայրոյթներ ու ըմբոստացումներ, որոնք կը շփոթուին շփացածութեան հետ: Լաց ու ճիչ շատ ունի այս տարիքի երեխան: Այս բոլորը բնական են այս տարիքը թեւակոխող մատղաշ երեխայի մը համար: Այս տարիքին անոնք իրենց անկախութիւնը կը դրսեւորեն չափազանցուած եւ անյարմար արարքներով, մանաւանդ երբ անոնք բաւարար չափով ու ձեւով չեն կրնար երենք զիրենք արտայայտել:
Այս պարագային ծնողնե՛ր, ձեր պատասխանի ձեւը ձեր զաւակին զայրոյթներուն դիմաց մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոր նկարագիրին կազմութեան մէջ: Օրինակ՝ երեխան այս տարիքին կրնայ ինքն իրեն խաղալ ու ինքզինք իր խաղալիքներով ու գիրքերով լաւապէս զբաղեցնել: Սակայն անիկա պիտի ուզէ ձեզի հետ միշտ խաղալ ու այս մէկը կրնայ պահանջել լացով ու ճիչով:
Միշտ իր պահանջքին գոհացում տալը պատճառ կը դառնայ չափազանց քմահաճութեան.
Առաջին.- Այս ձեւով առիթ կու տաք լացով իր պահանջքներուն գոհացում տալու:
Երկրորդ.- Այս ձեւով անոր առիթ չէք տար վարժուելու ինքզինք զբաղեցնելու ձեւերուն: Այս ձեւով աւելիով պիտի կառչի ձեզի ու ինքնանկախ պիտի չդառնայ: Ամէն անգամ որ ձեր երեխան ձանձրացած է քաջալերեցէք որ իր խաղալիքներով խաղայ ու զբաղեցնէ ինքզնիք:
Ամէնէն կարեւորը՝ լուրջ ու կարեւոր հարցերու պարագային, անդրդուելի մնացէք ու սկզբունքային: Ձեր երեխան կրնայ շփացած ըլլալ, եթէ դաստիարակութեան ընթացքին հիմնական կառոյցը կը բացակայի ձեր մօտ: Յստակ ժամեր ճշդեցէք ու ռութինի մը հետեւեցէք: Քնանալու ժամը մի՛ խախտէք եւ ապահովութեան համար կատարեցէք ամէն ձեւի լուրջ եւ կարեւոր կարգադրութիւններ: Ամէն անգամ ձեր ուզածը թող չըլլայ միայն, այդ մէկը դեռահասութեան տարիքին կրնայ իր վատ անդրադարձը ունենալ երեխային եւ ապա՝ ձեր ընտանիքին վրայ: Կարգ մը բաներ իր ուզածը թող ըլլայ եւ անպայման անոր ընտրութեան առիթ ընծայեցէք: Օրինակ՝ թող ի՛ր ուզած շապիկը հագուի, նոյնիսկ եթէ անիկա ներդաշնակ չէ իր հագած տափատին հետ:
ԵՐԵՔԷՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐԵԱԿԱՆ
Այս տարիքին արդէն անոնք գիտեն թէ իրենց բոլոր ուզածներուն պատասխանները «այո՛» չեն: Հետեւաբար անոր անդրադարձը «ո»չերուն նուազ փոթորկիլն է: Սակայն տակաւին կը մնան կարգ մը փորձութիւններ, որոնց նկատմանբ ուշադիր պէտք է ըլլալ: Այս տարիքին արդէն կրնան հասկնալ դիմացինին զգացումներն ու ապրումները եւ շատ յստակ արտայայտուիլ անոնց մասին: Այս մէկը կը դիւրացնէ աշխատանքը: Օրինակ կրնանք այլեւս հասկցնել իրենց, որ կարելի չէ առանց արտօնութեան մէկուն խաղալիքը վերցնել, կամ նպարատան մէջ առանց վճարելու բան մը առնել, եւայլն : Նաեւ այս զգացականութեան գիտակցութիւնը կը նպաստէ դիմացինին ապրումներն ու զգացումները հասկնալու համար: Մեր ընկերը նեղուած է, կամ պապան ջղայնացած է: Այս տարիքին կարելի է կարգ մը պարզ օրէնքներ բացատրել ու հասկցնել երեխաներուն: Օրինակ՝ մեր տան մէջ միայն տարեդարձներուն ու տօնական առիթներուն նուէրներ կ՛առնենք: Այս իմաստով նաեւ քաջալերեցէք որ իր նախասիրած խաղալիքներուն ցանկը պատրաստէ, որպէսզի առիթներու ժամանակ նկատի առնէք զանոնք: Այդ ցուցակը անշուշտ փոփոխութիւններու կրնայ ենթարկուիլ:
Ի վերջոյ, կարգ մը միջոցներ սանձելու համար շփացած երեխաներու ընթացքը.
1- Միացեալ կեցուածք: Դուք եւ ձեր ամուսինը տարբեր բաներ մի ըսէք երեխային: Անիկա երեխան շատ դիւրութեամբ կը չարաշահէ:
2- Մի մտածէք այլոց կարծիքներուն մասին: Եթէ ձեր երեխան չափազանցէ հանրութեան մէջ, մի վարանիք առանձնանալու իրեն հետ եւ կարգ մը միջոցներ որդեգրելու որպէսզի անիկա հանդարտի:
3- Ծայրայեղութեան մի՛ երթաք: Անպայման ձեր ուզածը մի՛ պարտադրէք ձեր երեխային անոր խոստումներ տալով: Եթէ շուկայ չ՛ուզեր երթալ, ընկերոջ մօտ ձգեցէք զինք եւ ապա երկու ժամ ետք առէք ձեր զաւակը: Ծայրայեղութիւններու մի երթաք անոր համբերութիւնն ալ վերջացնելու գնով:
4- Քաջալերեցէք իր լաւ կեցուածքները: Դրական մօտեցում ցուցաբերեցէք անոր կատարածներու ու գնահատանքի արժանի եղած միջոցին անոր տուէք պէտք եղած արժէքը ու այլոց դիմաց զինք արժեւորեցէք կատարածին համար:
5- Իրենց ունեցածները կրնան գնահատել ու տեսնել երբ անոնց կը վարժեցնենք խաղալիքներ նուիրել կարօտեալ երեխաներուն: Այսպէս անոնք կրնան հասկնալ ուրիշ երեխաներու հոգեվիճակը, իրենց ունեցածը կը գնահատեն եւ իրենց մօտ կը զարգացնենք անձնուրացութիւնն եւ նուիրաբերելու ոգին:
Դժուար, սակայն շնորհակալ գործ մըն է ձեր կատարծը: Համբերութեամբ ու համոզումով կատարեցէք զայն ու պիտի տեսնէք անոր արդիւնքը: